The Netherlands Diary/Նիդ.օրագիր

The Netherlands Diary/Նիդ.օրագիր
The Netherlands Diary

Friday 14 July 2023

Զապել Եսայան. ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԵՐ

Երկար լռութենէ մը ետքը դարձեալ կը սկսիմ գրել. ուրիշ անգամ մըն ալ, տաժանելի եւ անձկալի օրերու մէջ՝ գրելը եթէ չէ ամոքած իմ ցաւս, գոնէ զայն օրօրած է. եւ վերջապէս հիմակ զիս ամէնէն ճնշող բանը անգործութիւնն է, երկա՜ր, երկա՜ր ժամերու անգործութիւն... ։

Արդեօք բարեգուշակ նշա՞ն մըն է գոնէ իմ ցաւս ամոքելու մասին խորհիլս. նոյն իսկ անիրականալի յոյսը բարի մըն է։

Պէ՞տք է յուսամ արդեօք թէ պիտի գայ օր մը որ իմ ցնորած հոգիս խաղաղի... պիտի գա՞յ գիշեր մը ուր խաղաղութեան մէջ քնանամ առանց ընդոստ զարթնումներու, առանց մղձաւանջի եւ իմ էութիւնս հիմէն դղրդող անասելի խռովքներու։

Որակեալ զգացումներս, դասաւորել զանոնք, վիշտիս եւ յոյսերուս հետ դէմ առ դէմ գալ, համարձակիլ չափել անոնց կարեւորութիւնը... թերեւս... Աստուա՜ծ իմ, այս աշխատութիւնը թերեւս զբաղեցնէ եւ ջլատէ զիս ու կարենամ հանգչիլ, ազատագրուած զիս շրջապատող ցաւագին զգայնութիւններու ցանցէն։

Ուրկէ՞ սկսիմ սակայն... կրնա՞մ սկսիլ երբ ինծի կը թուի թէ այն ինչ որ պատահեցաւ անակնկալ մը չէր երբեք, թէ սարսափելի իրողութեանը տեղեկացած միջոցիս իսկ, բնա՛ւ զարմացումը եւ ապշութիւնը չպատեց իմ միտքս. այլ կարծես երկար ատենէ իվեր վախով սպասուած բանի մը լրումն էր անիկա։

Վախով սպասուա՜ծ... ահա՛ ամէնէն սոսկալին։

Կարծես թէ կը յուսայի, կարծես թէ կը ցանկայի այդ բանին... բայց լռութի՛ւն... լռութի՛ւն... պէտք է խեղդել հրեշը, պէտք է մարել միանգամ ընդ միշտ իր թունաւոր եւ չարաբաստիկ շունչը հոգիիս մէջ։

Այլ սակայն այդ հրէշը եղած է ու կայ իմ ամբողջ էութեանս մէջ. անիկա կը սողայ երակներուս մէջ, զիս կը դրդէ ու կը տանջէ եւ իմ կեանքիս ամէնէն ցայտուն ժամերուն, կացութեան տէր կը դառնա՜յ...

Ամէնէն ցայտուն ժամերուն, ուրախութեան թէ տխրութեա՜ն...

Ո՞վ պիտի տար ինծի անկեղծ արցունքներու քաղցրութիւնը, ո՞վ պիտի տար ինծի սրտագին հեծեծանքներու երաժշտութիւնը...

Պիտի ուզէի օրօրուիլ վիշտով, մեղմանալ տխրութեանմ մէջ... զգալ տառապանքին մեծութիւնը, բայց այս բոլորին փոխարէն միայն ցնորք կայ իմ մէջս... ցնո՜րք... ցնո՜րք... ։

Իմ դժբախտ ամուսնութեանս առաջին օրերէն յիմարութիւնը եկաւ, տեղաւորուեցաւ մեր երկուքին մէջտեղ... անտանելի, տաժանակիր տարիներ եղան այդ տարիները՝ երբ իրարու լծուած անխզելի շղթաներով, ապրեցանք թշնամութեամբ ու դառնութեամբ...

Կ’ատէի զինքը ամէն կարելի բացատրութենէ եզր ի վեր չափով մը... կ’ատէի զինքը հոգիով ու մարմնով, գիտկակցաբար թէ անգիտակցաբար եւ ամէնմէկ նեարդս թշնամի էր իրեն ու բազմապատիկ եռանդ մը կը խռովէր զիս...

Կարծես չարաբաստիկ հովերէ արծարծուած փոթորիկ մը մշտատեւ կերպով կը մռնչէր հոգիիս մէջ... քանդի՛չ, անողո՛ք եւ խոժո՛ռ, անիկա կը մռնչէր հոգիիս մէջ, հեւալով ու լռեցնելով իմ զգացումներուս մնացեալ խլեակները։

Զիս խուլ եւ կոյր կը դարձնէր անիկա, կը խարազանէր արիւնս եւ բոլոր էութիւնովս կը սարսռայի անոր ցաւագին հեշտանքէն...

Ինչպէ՛ս անդիմադրելի ու խրոխտ էր իմ ատելութիւնս։

Կը տանջուէի անկէ բայց կը սիրէի իմ ատելութիւնս. սանձարձակ գազանի վայրագ գեղեցութիւն մը ունէր անիկա ու մանաւանդ զիս կը հպատակեցնէր իր դաժան օրէնքներուն... զիս կը հպատակեցնէր կատարելապէս, ու իմ բոլոր շարժումներս, իմ բոլոր խօսքերս, իմ բոլոր դիտաւորութիւններս իր հրամայական պահանջներէն թելադրուած էին...

Ու կը ցաւէի ցաւցնելով, կը չարչարուէի չարչարելով, բայց եւ կը զգայի որ ուրիշ կերպ ընել իմ կամքէս բոլորովին անկախ է...

Կ’ատէի զինքը, ինչո՞ւ... ինչուն ես ալ չեմ գիտեր... կ’ատէի ինչպէս կարող պիտի ըլլայի սիրել տարբեր պայմաններու մէջ, անհաշիւ եւ վայրենի հրայրքով։ Այն առերեւոյթ պատճառները որոնք իմ ատելութիւնս կ’արծարծէին, անոնց սկզբունքը աւելի իմ մէջս էր քան թէ իր մէջ։ Կ’ատէի իր ձայնը, կ’ատէի իր շարժումները, գործածած բառերը, փափաքները եւ դոյզն յոյսերը... ։

Իր բոլոր դիտաւորութիւնները կ’ըմբոստացնէին զիս, իր մտադրած ոեւէ մէկ բանը թշնամանքի պէս կ’ապտակէր զիս...

Բոլոր յոյսե՞րը... միթէ կարելի՞ էր որ յոյսի դիւրաբեկ եւ դողդոջուն ծաղիկը ծաղկէր այն դժոխքին մէջ որ ստեղծած էինք... միթէ կարելի՞ էր որ մեր ամուլ եւ թշնամութեան կրակներէն չորցած կեանքին մէջ ոեւէ ժպիտ, ոեւէ ուրախութիւն անցնէր, տարտամ եւ վաղանցուկ ամպի մը նման...

Ու մենք իրարու կապուած էինք անխզելի կապերով, միայն մահը կրնար մեզ արձակել... միայն մահը...

Կանչեցի մահը, հրաւիրեցի զայն սրտագին եռանդով. յուշիկ, բայց հաստատ քայլերով եկաւ անիկա... մտիկ ըրաւ իմ ձայնիս... եկաւ ու մեր մօտը դեգերեցաւ ու երբ այլեւս մոռցած էի իր չարաշուք ներկայութիւնը, անիկա յայտնուեցաւ դժնետեսիլ ու անդառնալի՛... իմ ձայնս լսելի ու հասկնալի՞ էր ուրեմն մահուան...

Լռութի՛ւն, լռութի՛ւն... երբ կ’ուզեմ կացութիւնը ճշդել ոեւէ կերպով, սոսկալի ցուրտ մը կը պատէ զիս...

Այս հոգեկան շփոթութեան մէջ վստահ եմ որ մեծ թեթեւութիւն մը պիտի զգայի եթէ կարենայի եղելութիւնները դասաւորել. մինչեւ այսօր անկարելի եղաւ ինծի այդ բանը. միտքս յարաժամ գրգռութեան մէջ է. դէպքերու պատկերներ, սոսկալի ժամեր ու երկարատե՜ւ տանջանքներ իրար կը խառնուին եւ յորձանապտոյտ արագութեամբ մը կը պարեն յիշողութեանս մէջ. ոչ իսկ րոպէ մը միտքս չի կենար անցեալի տպաւորութեան վրայ. զգայնութիւնները արագութեամբ կը կուտակուին, ծանր, տարերային դժբախտութեան մը պատկերով կ’անշարժանան ու կը լսեմ դղրդալի ճարճատիւնները փլուզումներու, գահավէժ անկումը քարացած պատկերներու եւ ամէն բան կը դառնայ անկայուն, յարաշարժ ու զառանցական։

Իմ եւ արտաքին աշխարհին միջեւ մշտատեւ կերպով մը կը ծածանի մղձաւանջ մը եւ ատիկա իմ կեանքիս պատկերն է։

Աւերակի մը պէս կը մխամ երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետեմ իմ կեանքիս վրայ, մանկութենէս մինչեւ օրս... ու կը խորհիմ որ այն հիմերուն վրայ որ սկսած եմ ապրիլ, կրնայի երջանիկ ըլլալ, խաղաղ ու անդորր կեանք մը ունենալ, ու այս մտածումը զիս աւելի ոխերիմ կը դարձնէ անոնց դէմ որ զիս իմ ճակատագրէս հեռացուցին։

Խաղա՜ղ ու անդորր կեանք... ծարաւի եմ այդ բանին, ինչպէս անապատի ուղեւորը կարկաչուն աղբիւրի մը. բայց այն ովասիսը ուր կը հասնի ամէն ճամբորդ, իմ ճամբուս ծայրը չկա՜յ... չկա՜յ ու աշխարհիս ճամբորդներուն մէջ, անիծեալ ճամբորդ մըն եմ ես։

Երկար ատեն Արամ չգիտցաւ ու չզգաց այն զգացումը որով ամբողջ էութիւնս տոգորուած էր... չգիտցաւ ու ես ապշած մնացի իր միամտութեանը վրայ. առաջին օրերու խորշանքս դիւրաւ վերագրեց ուշ ամուսնացած աղջկան խպնոտութեան։ Ես ինքս կը վարանէի եւ չէի համարձակեր սեւեռել իմ հոգիիս մէջ խռովող զգացումները, ճանչնալ զանոնք եւ կացութեան քաջութիւնը ունենալ. իմ անհամարձակութիւնս յառաջ եկած չէր խպնոտութենէ, այլ այն սարսափելի գիտակցութենէն թէ՝ մարմնով ու հոգիով անհաշտ թշնամի եմ իրեն։

Իմ դժբախտ երիտասարդութեանս պատահարներէն մոլորած, մղուեր էի այդ ամուսնութեան, բայց առաջին օրէն իսկ զգացի սարսափելի սխալս։

Առաջին անգամ որ ճշդուեցաւ մեր կացութիւնը՝ անձրեւոտ ու ցրտին իրիկուն մըն էր. վարագոյրները գոց, սենեակը կիսաստուերի մէջ. անձրեւը մեղմօրէն կը մրմնջէր պատուհաններուն ետեւէն։

Ամբողջ օրը մոլեգնած ստրուկի մը պէս անկարող ընդվզումով խանդեցած էի... ես ալ չէի գիտեր թէ ի՛նչ ունիմ, ի՛նչ կ’ուզեմ... Այցելու տիկիններ եկան ու վհատած մեկնեցան. իմ հոգեկան դրութիւնս կը վերագրէին ջղային հիւանդութեան մը. բայց, չէ՛, չէ՛... եթէ միայն կարենայի մէկու մը բացատրել ինքզինքս, եթէ կարենայի տրտնջալ ու արտասուել... բայց կոպերս ապառաժի պէս չորցեր էին ու սրտիս կրակէն կ’այրէի անընդհատ։

Եթէ կարենայի գոնէ մէկու մը ըսել թէ դժբախտ եմ, թէ վշտի օձ մը կը գալարուի հոգւոյս մէջ եւ թէ դառն մահը նախընտրելի է այս չարչարանքներէն, թերեւս ամոքուէի, թերեւս ուրիշին գթութեան մէջ մեղմանայի, բայց հպարտութիւնս՝ հաւասար վիշտիս՝ բարձրացեր էր հոգւոյս մէջ ու կը գոռար վիրաւոր գազանի նման ու այլեւս չէի գիտեր թէ կորսուած կեանքիս ցա՞ւն էր թէ հպարտութիւնս, որ աւելի զօրեղ կը հնչէր մէջս... ։

Երբ մինակ մնացի ինկայ լռութեան եւ առանձնութեան մէջ, սանձարձակ խոյանքով մը հոգիս կը հեծեծէր ու չէի գիտեր թէ ո՞ր պատին գլուխս զարնեմ. գինովի պէս կը դեգերէի սենեակիս մէջ ու յանկարծ կ’իյնայի աթոռի մը վրայ, մինչեւ որ ընդոստ կանգնէի, կարծես հալածուած ուրուրներէ։

Անձրեւըմիշտ կը տեղար, ապակիներուն վրայ երգելով իր միօրինակ եւ գորշ երգը։

Եւ ահա՛ եկաւ... եկաւ ինչպէս կուգար ամէն իրիկուն՝ ինքնավստահ, դէմքը գոհունակ եւ պատրաստ տրտնջալու իմ վերապահութենէս։

Այդ րոպէին պատկերը քանդակուած է իմ յիշողութեանս մէջ եւ թէեւ կը զգուշանամ սեւեռել զայն, բայց գիտեմ որ անիկա հաստատ եւ անջնջելի կերպով մը կայ էութեանս մէջ։ Որովհետեւ բուն այդ րոպէին է որ հարուածը ստացաւ եւ մտաւ մահուան օրէնքներուն ներքեւ. օրեր անցաւ անկէ ետքը, բայց վստահ եմ որ իր հետզհետէ կքող ֆիզիքական գոյութեան մէջ հոգին արդէն արիւնած է խոր եւ անդիմադրելի վէրքով մը... այդ բանը կը զգայի ու կը մտածէի որ թերեւս կարենայի դարմանել, կարենայի ամոքել զայն, բայց անհաշտ ոխսկրակի պէս կը լափէր ամենադոյզն բարի դիտաւորութիւններս ու գիտակցաբար կը ձգէի որ անպաշտպան ու անամոքելի՝ անոր ցաւը հասնէր իր չարաբաստիկ վերջաւորութեան։

Լոյսը վառեցինք ու Արամ վարանոտ տրամադրութիւններու մէջ մտաւ այդ րոպէէն. իր գոհունակ ինքնավստահութիւնը մարեցաւ յանկարծ ու տխրութիւնը երեւցաւ իր դէմքին վրայ այնպիսի անանցանելի գիծերով որ շարժում մը զգացի հոգւոյս մէջ... գոհունակութեա՞ն թէ գթութեան շարժում. ահաւասիկ անստուգութիւնը. մինչեւ հիմա չեմ գիտեր, չեմ ուզած գիտնալ, որովհետեւ կը սոսկամ այդպիսի անդրադարձումի մը արդիւնքէն։

Կը սոսկա՜մ... ու խորապէս իրաւունք ունիմ թերեւս... ։

Դէմը նստած՝ կը նայէի իրեն, տոգորուած այն թշնամանքով ուրկէ չէի կրցած ձերբազատիլ. կը նայէի իրեն այնպէս ինչպէս նայած էի միշտ. բայց ահա, չեմ գիտեր ինչո՞ւ անիկա ապշած ու սարսափած ինծի դարձաւ. կարծես յայտնութիւն մը ըրած էի իրեն, կարծես նորատեսակ դէպք մը, մանրամասնութիւն մը կացութիւնը պարզած էր իրեն, յանկարծօրէն։

Անշուշտ թէ մինչեւ այդ օրը երջանիկ չէր եղած, բայց իր դժբախտութեան բնոյթին գիտակցութիւնը չունէր. մինչ ես համոզուած էի մեր դժխեմ ճակատագրին, անիկա կը յուսար եւ կը ճգնէր նշմարելու լաւագոյն կեանքի մը պայմանները... Անիկա չէր հասկնար որ մեր կացութիւնը անել է ու միայն մէկ ուղղութեամբ կրնայինք խուսափիլ անկէ... գերեզմանի ճամբով։

Ո՛չ, ինքը չէր գիտեր, ու կը սիրէր զիս, եւ յոյս ունէր նաեւ թէ խնամքով եւ գուրգուրանքով պիտի կարենար շահիլ եթէ ոչ իմ սէրս, գոնէ իմ կրաւորական յօժարութիւնս... ու բոլոր իր ճիգերը, իր յոյսերը եւ իմ զգացումներուս մասին ունեցած յաւակնութիւնները ա՛լ աւելի կարծար ու անողոք կը դարձնէին զիս, ու չէր գիտեր ինքը որ իր ամէն կարգի ջանքերը ունայն էին, բոլորովին ունայն։ Եթէ անիկա իմ ատելութեանս փոխարէն թշնամութիւն ունենար, եթէ իմ տհաճութիւններս զսպէր բռնութեամբ, կամ արհամարհէր զանոնք, թերեւս տեսակ մը հակազդեցութիւն յառաջ գար իմ մէջս, բայց անոր սէրը մորացած լիճի մը պէս կայուն եւ անխախտ էր եւ անիկա կուրցած էր յաւակնոտ վստահութիւնով։ Կ’ատէի ու կ’արհամարհէի զինքը ու իր սիրոյ եւ համակրութեան ցոյցերը նախատինքի մը պէս կը վիրաւորէին զիս, եւ ընդվզեցնելով իմ հոգիս, ոեւէ հաճոյակատարութիւն, ոեւէ զիջում անկարելի կ’ընէին։

Ապառաժի պէս կարծր ու ցուրտ դարձեր էի եւ կիրքերու մեծ փոթորիկներ միայն կրնային կռուիլ ինծի հետ, բայց անիկա անկարող էր մեծ չափով սիրելու, ինչպէս նաեւ մեծ չափով ատելու, ու իր շնչատ ու թեւատ հոգին սոսկումով համակուեցաւ, երբ մէկ րոպէ միայն անդրադարձաւ իմ զգացումներուս մեծութեանը, ու իմ խիզախ ատելութիւնս մթագնեց իր կեանքը մէկ անգամէն։

Անիկա չպայքարեցաւ, չըմբոստեցաւ, նախասահմանուած զոհի մը պէս հպատակեցաւ իր բախտին։ Լուսամփոփոին վարդագոյն լոյսին մէջէն իր աչքերը, ապշահար մարդու աչքեր, սեւեռեց ինծի... իր նախապէս տխրութեամբ տոգորուած դէմքին վրայ դառնութիւն ու թախիծ կար ու թերեւս ինեւ անարդար վիշտի մը գիտակցութիւնը։

Աչքերը դարձուց ինձմէ ու տեղէն ելլելով սկսաւ պտուտքիլ սենեակին մէջ... կը զգայի որ անիկա կ’ուզէր վանել իր մտքէն՝ սպաննող գաղափարը, անիկա կասկածի եւ անստուգութեան ճանկերուն մէջ ինկած բռնուած թռչունի մը պէս անճար ցնցումներով կ’ուզէր ճողոպրիլ...

Յանկարծ դիւային ծիծաղ մը, յաղթանակի եւ ինքնավստահութեան ծիծաղ մը լսեցի հոգւոյս մէջ... անիկա այնքա՛ն բարձր եւ տիրական կը հնչէր որ ինծի կը թուէր թէ խուսափելով հոգիիս մանուածապատ մթութիւններէն լսելի պիտի ըլլար անո՛ր ալ. գրգռուած այդ խարազանող ձայնէն՝ կը ջանայի հանդարտիլ ու երբեմն ականջներուս մէջ մրմունջ մը կը լսէի, ողբագին, հեծեծագին ու տկար մրմունջ մը... «Մե՛ղք է, մե՜ղք է... »։ Բայց այդ ձայնը անսուաղ մուրացկանի մը պէս էր, անկարեկիր, ցուրտ եւ փակ պալատի մը մարմարեայ սանդուխներուն վրայ։

Երկար ատեն Արամ պտտուեցաւ այդպէս. իր դէմքը այլակերպուած էր ինչպէս եթէ ծանր հիւանդութեան մը ենթարկուած ըլլար. կը խուսափէր ինծի նայելէ եւ աչքերը հակած էին գետին. կարծես թէ անիկա հաշուեյարդարութիւնը կ’ընէր իր ամբողջ կեանքին, իր փափքներուն, իր իղձերուն, իր վայելած ուրախութիւններուն եւ իր կրած յուսախաբութիւններուն եւ ինչպէս ամէն մարդկային արարած՝ կը զգար որ ցաւի եւ յուսախաբութեանց բեռը շատ աւելի կը կշռէր...

 Կը ջանայի իրեն նայիլ իբրեւ օտար մարդու եւ կարենալ խղճալ իր վրայ, բայց ահա՛ իմ իսկ յատուկ թշուառութեանս պատկերը ցցուեցաւ իմ դէմս... տեսայ ինքզինքս այդ մարդուն կապուած ըլլալուս պատճառաւ անդառնալիօրէն դժբախտ, ու վերածուած անարգ էակի մը... Աստուա՜ծ իմ... Աստուա՜ծ իմ...

Անա՞րգ... արդեօք կարելի՞ է... Իմ դժբախտ եւ անսէր ամուսնութիւնս զիս կը դնէ անտարակուսելիօրէն արհամարհելի կնոջ մը դիրքին մէջ... քանի որ... առանց սիրոյ եւ առանց համակրանքի... առանց հոգեկան կամ ֆիզիքական հակումի... լռէ՛... լռէ՜... մտածումս թող լռէ, որովհետեւ խոհեր կան զորս պէտք է սպաննել նոյն իսկ իրենց սաղմին մէջ։

Այլ սակայն իմ հզօր ատելութեանս մէջ զրահապատ՝ ինքզինքս պաշտպանուած նկատեցի... ի զո՜ւր մտածեցի որիմ անձս, իմ գերագոյն էութիւնս անծանօթ եւ բացակայ եղած էր այն կրաւորական մեղկութեան, մոռացումի վատ րոպէներէն որոնց յիշատակները հրաշէկ հրաշէկ գամերու պէս մխուած են ուղեղիս մէջ։

Բայց եւ այնպէս համոզումը ունիմ որ աններելի կերպով յանցաւոր եմ եւ անցեալի անջնջելի արատը կ’աւելցնէ իմ զգացումներուս դառնութիւնը։

Խթանուած բոլոր այս գահավիժող եւ զօրեղ կիրքերէն, անկարեկիր աչքով կը դիտէի Արամին դժբախտութիւնը. այլ սակայն դժուար է երեւակայել, նոյնիսկ ամէնէն չարագուշակ հակումներ ունեցող երեւակայութեան համար, այն խղճալի պատկերը որ անիկա կը ներկայացնէր. մարդկային թշուառութեան վրայ լի ու լի գաղափար մը կարելի է ունենալ այդպիսի րոպէներու մէջ։ Անոր դէմքը ստացած էր մոխրանման տժգունութիւն մը ու շրթները, անխօս եւ դողդոջուն էին։ Մազի փունջ մը, անձկութեան քրտինքէն խոնաւ՝ ողորմելիօրէն կը փակչէր ճակտին. անոր ձեռքերը այնքան ճերմկած էին որ անոնց վրայի թուխ աղուամազը յստակ ու նուրբ գիծերով կ’երեւար աչքիս՝ երբ ինծի կը մօտենար իր տագնապալի պտոյտի միջոցին։

Յանկարծ կեցաւ, ծունկները կքած էին, ուսերկ դէպի առաջ...

Ա՜հ, մարդիկ գերիվեր չափով մը անմիտ են... եթէ այդ պահուն վստահութիւնով եւ ինքնաբեր զեղումով իր ցաւին մասնակից ընէր ինծի՜, որովհետեւ կը զգայի որ հոգւոյս անծանօթ խորքերուն մէջ գթութեան եւ բարութեան դուռները իրենց ժանգոտած ծխնիներուն վրայ կը խախտէին, որովհետեւ զարմացումով զգացի որ նորահրաշ թուլութիւն մը, գաղջ աւիւն մը յառաջ կը բերէ ցուցտ սրտիս մէջ... հոգիս կը դողդղար անձկալի ապշութիւնով մը. բայց ահա անիկա միտքը փոխեց, վախցաւ իմ անկարեկիր սառնասրտութենէս ու գնաց ինկաւ բազմոցին վրայ։

Որքա՞ն ատեն անցաւ այսպէս, ե՛ս ալ չեմ գիտեր. յոյսի եւ գթութեան բոլոր դուռները գոցուեցան հոգիիս մէջ. միտքս արթնցած էր եւ մտածումներու հոսանքներ արտասովոր եռանդով մը զիրար կը խաչաձեւէին. գլուխս կ’այրէր անտանելի տենդով մը ու ինծի կը թուէր որ նայուածքս, այրուող կոպերուս մէջէն դուրս կը ժայթքէր բոցի պէս... ։

Արհամարհանքով կը նայէի այլեւս անոր վրայ որ չգիտցաւ այնքան հազուադէպ եւ թանկագին րոպէէ մը օգտուիլ... իրարու հակառակ մտածումներ կը խուժէին մտքիս մէջ, զիս գրեթէ չարչարելով... կը խորհի... ա՜խ, ի՞նչ բանի վրայ չէի խորհեր այդ միջոցին... իմ բոլոր ապրած կեանքիս րոպէները, յոյզերը, մտածումները եւ կիրքերը աղմկալի եռանդով մը կրկին կեանք կ’առնէին եւ կրկին կը տագնապէին իրենց ամբողջ ուժեղ կենսունակութեամբը։

Կը խորհէի ահաւասիկ, թէ մարդիկ անմիտ ու անգիտակ են խենդերու եւ մանուկներու նման, թէ կը խոնարհին ու կը սմքին այն վայրկեաններուն երբ պէտք էր որ խրոխտութեամբ բռնանային, եւ կը հպարտանային այն ժամերուն՝ երբ պէտք էր որ մեղմանային վստահութիւն յայտնող հաղորդականութեամբ մը։

Կը խորհէին միանգամայն թէ ի՜նչ անգնահատելի ոյժ մը, կիրքերու, սէրերու եւ ատելութեանց բուռն թափ մը կար իմ մէջս անգործ մնացած, կը խորհէի թէ ի՜նչ կրնայի ըլլալ ես, տարբեր պայմաններու մէջ եւ աւելի ճարտար մարդու մը ձեռքին մէջ... կը տեսնէի այն կինը որուն սկզբունքը գոյութիւն ունէր իմ էութեանս տարրերուն մէջ, շքեղ ու զօրաւոր, կրակի պէս սաստիկ ու փոթորիկի մը պէս մրրկող, որուն հոգեկան ուժին փարթամութիւնը զարմացում եւ հիացում պիտի պատճառէր եւ որուն բոլոր հրայրքը դարձած է հիմա իմ իսկ մոլորուած անձիս դէմ...

Այն ատեն խիստ դատախազի մը պէս կը նայէի Արամին ու միտքէս կը կրկնէի. «Դուն ի՞նչ ըրիր այդ բոլորը»։

Ու անոր մարդկային ու սովորական դժբախտութիւնը դոյզն աստիճանի մը վերածուած՝ կը չքանար իմ ըմբոստացած անձիս գերագոյն թշուառութեան գիտակցութեանը մէջ։

Լուսամփոփին վարդագոյն լոյսը աղէտալի մթնոլորտի մը վրայ կը սփռէր կարծես իր խաղաղ լոյսը... հոգեվարքի՞, մեռելի՞ սենեակ... չէ կարելի սահմանել. այդ միջոցին ձայն մը լսեցի, հեռաւոր, անճանաչ ձայն մը որ սակայն Արամի շրթներէն կ’ելլէր։

– Արուսեա՛կ, դուն ինծի չես սիրեր, եւ երբեք ալ սիրած չես։

Ոտքի ելայ ցնցուելով, գացի իր դէմ պատասխանելու համար. իր աչքերը, իր դեդեւող նայուածքով աչքերը իմիններուս հանդիպեցան, անոնք ճշմարտութիւնը չէին խնդրեր... օ՜հ ո՛չ... անոնք կը պաղատէին որ ստեմ, կեղծեմ, եւ վճռական կերպով մը չջախջախեմ զինքը... Անոնք կ’ողոքէին զիս որ գոնէ մասամբ շնորհեմ, գոնէ երկդիմի, անստոյգ խօսքով մը աստուածային յոյսին կարելիութիւնը ընծայեմ... Անոնք թերեւս կը խնդրէին միայն անցեալի յիշատակներուն խնայել ու խաբել, խաբել... բայց չցրուել մէկ խօսքով պատրանքներու, յիշատակներու եւ յոյսերու անկայուն աշխարհը։ Ու այդ պահուն հասկցայ թէ ինչո՞ւ կիները կը ստեն ու կը խաբեն, ինչո՞ւ կը վարանին անկեղծութեան մէջ, տկարարած՝ գթութեան եւ բարութեան զգացումներով... բայց իմ անսէր ու ցուրտ մնացած հոգիս զերծ էր այդ տկարութիւններէն, իմ չարչարուած եւ անարդար տառապանքի ենթարկուած էութիւնս մէկիկ մէկիկ փեթռտած ու մէկ կողմ նետած էր հոգեկան այդ տարտամ եւ անգոյն ծաղիկները վարանումի եւ բարութեան, եւ անապատի պէս չոր ու ամուլ էութեանս մէջ ոչ թերաստուեր կար, ոչ շուք, ոչ պատրանք... ։ Եւ ես իմ վիրաւորուած արժանապատուութեանս պարտական էի ճշմարտութիւնը։

– Ո՛չ, ըսի... չեմ սիրեր եւ երբեք ալ չեմ սիրած քեզի...

Շնչասպառ եւ ուժաբեկ, ապաստանեցայ տանը երկրորդ յարկին վրայ, իմ սենեակս. ի՜նչ դժնդակ լռութիւն է, ի՜նչ քստմնելի, մեռելային լռութիւն... միայն յիշատակը այդ սառնային վայրկեանին սարսուռով կը համակէ զիս. ի՞նչ եղաւ, ինչո՞ւ չարտայայտեց ինքզինքը... ես խուսափեցայ իրմէն, ներկայ չգտնուելու համար զայրոյթի եւ վիշտի պոռթկումի մը. ես հեռացայ, վախնալով որ յուսահատութեան մը վայրկեանին ինծի կը կառչի, ինձմէ կը հայցէ այն գթութիւնը որուն ա՛յնքան տրամադիր էի վայրկեան մը առաջ եւ որուն այլեւս անկարող կը զգայի ինքզինքս։

Սարսափելի եւ խիստ օրէնք մը կայ իմ էութեանս մէջ, որուն ենթարկուած եմ բոլորովին. երբ ոեւէ զգացում կամ մտածում, նոյնիսկ երբ սրնթաց արագութեամբ մը կ’անցնի իմ մէջէս, զիս իր հետեւանքներուն գերին կը դարձնէ, այլեւս ստիպուած եմ անոր վճռական արդիւնքին հպատակիլ, ես այլեւս կարող չեմ անոր լուծէն ազատիլ, լաւ թէ գէշ բանի համար։

Եթէ, այն պահուն երբ հոգիս կը դողդղար յուզումէ, այնքա՛ն հազուադէպ իմ հոգեկան ցուրտ եւ խիստ տրամադրութիւններուս մէջ, եթէ այդ սքանչելի պահուն որ հրաշքի մը պէս պերճօրէն գեղեցիկ թուեցաւ ինծի, Արամ մօտիկնար եւ յուզումով ու համոզումով իմ բարութեանս ապաւինէր... ես... Աստուած իմ դժուար է ինծի խոստովանիլ, բայց ես կը մեղմանայի ու կ’արգահատէի եւ ատիկա բաւական կ’ըլլար որ բարոյական նոր օրէնքներու տակ մտնէր իս հոգեկան դրութիւնս… բայց քիչ ետքը, շատ ուշ էր, եւ այդ գթութեան, թերեւս ալ երջանկութեան ծիլը թառամեցաւ իր ծլած պեհուն…

Արդեօք կարելի՞ էր… կոյրի մը պէս եմ որ լոյսին կը ցանկայ, առանց զայն ճանչցած ըլլալու, բնազդական մղումով…

Ինչպէս որ տանջելով տանջուեցայ, չարչարելով չարչարուեցայ, թերեւս մխիթարելով մխիթարուէի եւ երջանկացնելով երջանկանայի…

Թերեւ՜ս…։

Բայց այլ եւս ուշ էր եւ ատելութեան խորշակը թառամեցուցեր էր յոյսի բոլոր նորածիլ բողբոջները։

Բայց ան ի՞նչ լռութիւն էր… անիկա այնքան կատարեալ էր որ անօրինակ բզզիւն մը պարապ օդը կը թրթռացնէր…

Կարծես հեռուն կամ ժամանակաւ հնչած ձայներու ու խօսքերու յամեցած արձագանգը կը դեգերէր շուրջս… տառապանքի՞ թէ ուրախութեան շշուկներ էին անոնք, ինծի կը ցաւակցէի՞ն թէ իմ սոսկումով վիշտս կը հեգնէին… ո՞ր առյաւէտ թառամած շրթներէն ելած էին անոնք, թարմ ու հնչուն՝ կամ ո՞ր հեռաւոր աշխարհներու խինդն ու հծծիւնը կը բերէին ինծի…

Տունը դատարկ է կարծես ու մարդ չկայ, ապրող շունչ չկայ եւ ահա թէ ինչո՞ւ անանուն եւ գունատ բզզիւնը, հեռաւոր կամ երբեմնի ոգիներուն, զիս կը պաշարէ…

Ու նաեւ փոխադարձաբար ո՞ւր պիտի երթայ իմ քիչ մը առաջ արտասանած չարաբաստիկ բառերուս տկար թրթռիւնը. ո՞ր անձկութեան մահիճին մօտ, ո՞ր ուրախութեան րոպէին, կամ ո՞ր ցաւի եւ յուսահատութեան աղաղակին պիտի խառնուի…։

Անոնք, այդ չարաբաստիկ բառերը, որոնք այլեւս արտասանուած ըլլալնուն համար կարծես կը յաւերժանային խորտրդաւոր եւ անշօշափելի կեանքով մը, զիս կը սոսկացնէին մարդկային հասկացողութենէ գերիվեր չափով մը։

Բայց նոյն լռութիւնը… ի՜նչ կ’ընէ վատը իր վիշտին հետ դէմ առ դէմ… ինչպէ՞ս կ’անցնին այս րոպէները… վատոգի հետաքրքրութիւն մը զիս կը դրդէ երթալ տեղեկանալու, բայց նոյնքան վատթար հպարտութիւն մը զիս կը զսպէ ու նողկանքով կ’ատեմ այն ձայնը որ քայլերուս աղմուկը պիտի յառաջ բերէր առաջին անգամ, այս գերեզմանային տան մէջ՝ եթէ հետաքրքրութեանս անսայի։

Գիշերը կը յառաջանայ, վարագոյրներուն մէջտեղէն կը տեսնեմ որ թաղին տուներուն մէջ լոյսերը մէկիկ մէկիկ կը մարին. մերը պիտի մարի այս գիշեր, որովհետեւ մեռելի մը վրայ կը հսկենք…

Բայց այդ դժնդակ պաշտօնին մէջ ա՛լ իրարմէ բաժնուած ենք ոխով եւ թշնամանքով ու ամէն վայրկեան որ կ’անցնի բան մը կ’աւելցնէ այդ դժոխային դրութեան վրայ։

Տուներու մէջ մէկիկ մէկիկ լոյսերը կը մարին եւ գիշերային անդորրութիւն մը կը ծածանի ամենուրեք. միայն մեր աչքերը բաց պիտի նման որովհետեւ վիշտի եւ ատելութեան կրակով վառուած բիբերու վրայ արտեւանունքը չիջնար երբե՛ք… ու քունը կը խուսափի մենէ ինչպէս խուսափած է այնքան գիշերներ։

Ինչպէ՛ս կը ցանկամ սակայն, ես որ ցանկացած էի ա՛յնքան գերբնական զգացումներու եւ կիրքերու, ես որ ցանկացած էի փոթորկային եւ աւերող սէրերու, ինչպէ՛ս կը ցանկամ հիմա այդ անանուն եւ տարտամ մարդկութեան խաղաղութեանը։

Ես կարօտը ունիմ հանդարտ եւ անդորր քունի մը, խաղաղ բարձի մը վրայ, առանց սոսկալի զարթնումի կանխազգացումներու… Ես կարօտը ունիմ պարզութեան եւ գորշութեան, եւ ծարաւ, մեծ ծարաւ, միամիտ եւ սնամէջ ուրախութիւններու… բայց բոլոր այդ բաները առ յաւէտ մեռած են ինծի համար ու կեանքի ցաւերէն եւ ուրախութիւններէն ճնշիչ բեռ մը միայն մնացած է ինծի բաժին, որուն ծանրութեան տակ ուսերս կը կքին այլեւս, ո՜վ Աստուած։

Այգուն ճերմակ լոյսը տժգունի արեւելքի միգապատ երկնքին վրայ. ցուրտ եւ տխուր առաւօտ՝ որ կը ծագի ինծի պէս վշտացեալներուն համար. ցուրտ եւ տժգոյն արշալոյս որ կը ծագի մեռելի մը վրայ հսկող քնատ եւ պաղած աչքերու համար. ոտքի կանգնած կը նայիմ դիմացս ու իմ գունատ եւ եղերական անձիս գիտակցութիւնը կը ճնշէ հոգիս անբացատրելի զգացումով մը։

Արեւը որ պիտի ծագի քիչ ետքը որո՞ւ համար է, Աստուած իմ, երբ մարդկային աչքեր անընդունակ դարձած են անոր ջերմիկ քաղցրութիւնը վայելելու։

Արեւը որ պիտի ծագի, ծագած է երբեմն իմ յուսաւէտ եւ եռանդուն երիտասարդութեանս համար ու կը մտաբերեմ այն օրերը երբ պարծանքով կը վայելէի իմ գեղեցկութեանս համոզումը, երբ սիրտս ու հոգիս լեցուած գողտր եւ գորովագին զգացումներով, ամբողջ աշխարհ մը երջանկացնելու կորովը կը զգայի մէջս…։

Արեւը որ պիտի ծագի, ծագած է երջանիկ առաւօտներու մէջ երբ զարթնւոմի րոպէն յոյսերու եւ երազանքներու գահավէժ վերյիշում մը եղած է ինծի համար. ու ցաւելով կը մտածեմ որ այդ երբեմնի կենսաւէտ եւ զուարթ աղջիկը իր մէջ կը կրէր այսօրուան կինը, այս առաւօտեան եղերական եւ գունատ կինը, այգուն ճերմակ եւ վարանոտ լոյսին առաջքը։

Ցաւագինօրէն մտածեցի. եթէ կարելի ըլլար որ իմ բնական դրդումներուս անսայի, որոնք թէեւ յանկարծական եւ սրընթաց թափով մը կ’անցնին իմ կամեցողութեանս մէջէն, եթէ կարենայի հպարտութեան եւ ատելութեան երկաթէ օրէնքներէն ազատագրուիլ ու ապրիլ մարդու պէս, ամէնուն պէս, քաղցրօրէն տարուբերուելով անստուգութեան եւ վարանումի մշուշին մէջ…։

Եթէ կարենայի լալ ու խնդալ եւ օր մը իմայն ստանայի մանկական յեղյեղուկ եւ քմահաճ տրամադրութիւնը հոգեկան.

Թերեւս հանգչէի… թերեւս կարենայի խաղաղիլ ու մոռնալ ինչ որ անմոռանալի ու ցկեանս կը թուի ինծի…

Ո՞վ դրաւ այդ պարտադրութիւնները իմ կնոջական ուսերուս վրայ. ո՞վ ստեղծեց իմ մէջս այս անճկելի թշուառութիւնը. թերեւս իմ դժբախտութիւնս մեծ է այն համեմատութեամբ որ ես իրեն կուտամ, թերեւս ի դժբախտութիւնս անմխիթարելի է այն չափով որ ես կը կարծես եւ ի զուր ապառաժի մը պէս առանձնացած ու ցրտացած եմ, հեռու մարդկային տուայտանքնգրէն։

Տաժանելիօրէն կը մտածէի այս բաներուն վրայ, աչքերս յառած տանիքներուն կարմրորակ կղմինտրներուն, ու այդ երդիքներուն ներքեւ գիտէի որ, կ’ալեծփի, չաշն ու եղերական հեծեծանքը մարդկային թշուառութեան, բայց անիկա երբեմն կ’ոսկեզօծուի ուրախութեան եւ գոհունակութեան ճառագայթներով, մինչ իմ հոգիս արեւ չունի որուն արշալոյսին յոյսը ունենամ... ։

Կը մտածէի այս բաներուն եւ ուրշ բաներու ալ, երբ հարկ եղաւ իջնել սենեակէս եւ անցնիլ այն սրահէն ուր Արամը թողած էի նախորդ իրիկունը. հետաքրքրութիւնս անհետացած ըլլալով, անսահմանելի երկչոտութեամբ մը համակուած էի եւ այս սովորական բանը տաժանագին կը թուէր ինծի։

Գողի պէս, յանցաւորի պէս իջայ սանդուխներէն, եւ սենեակին դուռը բացի որ ետ մղուեցաւ թեթեւ մը կռնչելով. ի՜նչ պատկեր, Աստուած ի՜մ. ինչ որ պատահեցաւ աւելի ուշ, ինչ որ իմ աչքերս տեսան իբր անձկալի ու եղերական տեսարան՝ շատ ալ հեռու չէր այդ օրուան պատկերէն։ Լամբը դեռ կը վառէր եւ առաւօտեան պաղ լոյսին մէջ, լուսամփոփին վարդագոյն ցոլքը արիւնոտ երանգ մը ունէր. բեդրոլի ծածանող հոտ մը անսովոր անախորժութիւնմը կուտար մթնոլորտին, իսկ անդին բազմոցին վրայ, ուր վերջին անգամ եկած ինկած էր Արամ, այդ նոյն բազոցին վրայ հիմա անիկա երկնցած, թեւը իբր բարձ ծառայեցնելով, կը քնանար։

Այս բանը ինծի արտակարգ զարմացում պատճառեց. շփոթուած նմացի. ուրեմն անգամ մըն ալ խաղալիքը եղած էի իմ իսկ ստեղծած կամ երեւակայած դրութեանս... ուրեմն, մինչ ես բոլոր գիշերը կը կրէի անդրադարձումը այն վիշտին որը կը կարծէի թէ իրեն պատճառած եմ, այդ վիշտը գոյութիւն չունէր, գոնէ այն չափով, որ ես երեւակայած էի... Ուրեմն անիկա իմ ապերասան մտածումիս արդիւնքն էր, ցնորք մը, մղձաւանջ մը եւ ոչ աւելի... ։

Տհաճոյ եւ հակասական զգացումներ կը խուժէին սրտիս մէջ, ականջներս կը բզզային, աչքերս կը մութնային ու ես ա՛լ աւելի կ’ամրապնդուէի իմ տարամերժ եւ ոխերիմ ատելութեանս մէջ։

Ուրեմն կրցեր էր քնանա՜լ, մինչ ես կը տանգնապէի գիշերն իբուն։

Տառապանքի ի՜նչ զօրեղ ալիք է իմ մէջս, ո՛վ Աստուած, որ այսպէս մրրկի մը պէս կը պայթի ու կ’ոռնայ, կ’ոռնայ անդադար, ու անիկա ինծի խուլ ու կոյր կը դարձնէ աշխարհային բնական ու իրական երեւոյթներու, եւ ինչո՞ւ արդեօք չի քնանար անիկա, միթէ գոռոզութիւն չէ՞ր կարծելս թէ զիս կորսնցնելը մահացու բան մըն է իրեն համար։

Զինքը կ’ատէի եւ ոեւէ կերպով իր սէրը զիս չէր շողոքթեր. ոեւէ կերպով ինծի համար ունեցած զգացումներուն մեծութիւնը զիս չէր հպարտացներ... բայց ահա տեսակ մը յուսաբեկութիւն զգացի այդ երեւոյթին հանդէպ որ անտարբերութիւն կը նկատէի։

Ի՞նչ կ’ուզէի ուրեմն, ինչի՞ կը փափաքէի... իր տառապանքը զիս չէր շահագրգռեր, ընդհակառակը պաղարիւնով խորհելով կ’ուզէի որ անիկա վերջ մը գտնէր, մեր միջեւ եղած դժնդակ կացութենէն ազատելու համար. բայց ահա իր անտարբերութեան հանդէպ իմ զարմացումս հետզհետէ զայրոյթի կը փոխուէր եւ վատառողջ ճաշակը կը զգայի այդ անտարբերութիւնը ցաւի փոխելու։

Զայրացած էի ի զուր տառապած ըլլալուս համար, զայրացած էի գիշերն ի բուն տագնապելու համար, եւ այդ բոլորը պարապ տեղն էին եւ ես խաբուած էի իր զգացումներուն գիահատումիս մէջ։

Սենեակէն անցայ առանց գրեթէ իրեն նայելու. գլուխը հակած էր մէկ կողմ եւ դէմքը կը կորսուէր ծալլած բազուկին շուքին մէջ. յանկարծ տարակոյս մը կայծակի պէս անցաւ զայրոյթիս մէջէ. արդեօք իրաւ կը քնանա՞ր։

Կրկին վերադարձայ այդ սենեակը ուր լամբարին տարաժամ լոյսին մէջ առարկաները ուրուականային երեւոյթ մը առած էին. պատուհաններէն եկող եւ սեղանին վրայ վառուած լոյսերուն կրկնակ ճառագայթներուն մէջ խաչաձեւող շուքեր կը դողդոջէին տախտակամածին վրայ. լամբը մարեցի ու մօտիկցայ բազմոցին, մօտիկցայ մղուած այն հետաքրքրութենէն որով մարդասպանները իրենց զոհերուն շուրջը կը դեգերին։ Ես որոշապէս զգացի այդ բանը եւ քայքայում մը տեղի ունեցաւ իմ խիզախ հոգիիս մէջ. ծունկերս կթոտեցան եւ ուզեցի աղաղակել վիրաւորուած գազանի նման, անզուսպ, վայրենի եւ անասնական թափով մը։

Բայց այդ պահուն իսկ իմ ակնարկս հանդիպեցաւ անոր դէմքին եւ այդ պատկերը զիս համրացուց. արգահատանքի զօրեղ եւ անտեղիտալի զգացում մը զիս խոցոտեց. շատ մը տեղերէ միանգամայն վիրաւորուած մարդու ցաւագին շուարում մը պատեց հոգիս. ձայն մը կ’ըսէր իմ ներսէս.

– Ահա՛ քու գործդ։

Աւելի ուշ՝ ուրիշ օր մըն ալ պիտի տեսնէի այդ պատկերը, այնքա՛ն նման այս առաւօտեան պատկերին ու ասիկա ազդարարութեան պէս բան մը եղաւ ինծի համար. թէեւ ոչ մէկ կերպով չի գուշակեցի ըլլալիքը, այդ մասին կասկած իսկ չունեցայ, բայց անբացատրելի զգացում մը, բնազդական հասկացողութիւն մը զիս հաղորդակցութեան մէջ դրաւ այդ գալիք օրուան հետ։

Առաւօտեան պայծառ լոյսին մէջ, Արամ մեռելի պէս տժգոյն էր եւ կոպերը կապտացած էին. խոնաւ թարթիչները երկայն շուքեր կը ձգէին այտերուն վրայ, խորշոմներու նման փղոսկրացած ճակտին վրայ մազերու թելեր ցիր ու ցան կը փակէին տամկ ցած. անոր այտերուն մկանունքը, երկար եւ առատօրէն արտասուած մարդու մը մկանունքներուն թուլութիւնը ստացեր էին եւ դէպի վար հակող գիծեր կը շինէին, որոնց մէջտեղէն բերանը կ’երեւէր իր գունատ շրթունքներովը։

Այդ շրթունքնե՜րը... մինչեւ այսօր, ինծի համար անոնք կ’ապրին իրենց դժնդակ տառապանքին մէջ. այդ լուռ շրթունքնե՜րը... ի՜նչ խօսքեր թափառեցան անոնց վրայ, ի՜նչ մտածումներ դեգերեցան, առանց սահմանուելու որպէս զի կարենային արտասանել այդ շրթները, Աստուած իմ, չպիտի մոռնամ երբեք։

Թեթեւ մը խոնաւ էին ու թուլցած եւ ճերմկած, եւ անոնք իրենց անբարբառ անշարժութիւնովը կը պատմէին տագնապալի քունը անոր... երբեմն ջղային ցնցում մը զանոնք թեթեւօրէն կը գալարէր, կարծես յայտնելով նոյնիսկ ֆիզիքական ցաւը եւ ահա կը ստանային անանձնական եւ անմարդկային նիւթականութիւն մը, տանջուելով մեռած մեռելի շրթներուն։

Ու անոնք առաջին անգամ ըլլալով աննախընթաց զգացում մը ներշնչեցին ինծի, թէ այս դժբախտութեան յարկին տակ, մէկը կա՛ր որ ինձմէ աւելի կը տառապէր։

Վախցայ որ կ’առթննայ եւ խուսափեցայ իր աչքերէն... կրկին սենեակիս մէջ առանձնացած մնացի ժամերով, ժամերով ու տաժանելիօրէն իմ վշտագնած հոգիիս մէջ ցաւս բարձրացաւ ընդնշմարած դժբախտութեանս համեմատութեան։

Օրերով հիւանդ պառկեցաւ անիկա ու մերժեց իմ խնամքներս, նոյնիսկ փափաքեցաւ որ զինքը հեռացնեն տունէն. բայց բժիշկը յայտարարեց որ ոեւէ ձեւով փոխադրութիւնը անկարելի է։ Մայրը եկաւ եւ սպասուհիին հետ ստանձնեցին անոր խնամքի գործը. ես, վտարուած իր սնարէն, առանձնութեան սոսկալի ժամեր անցուցի, գիշերներս եւ օրուան ժամերս վրդովուած հիւանդին հռնդիւններէն, տագնապալի զառանցանքներէն, աղաղակներէն եւ անէծքներէն, որոնց արձագանգը մինչեւ ինծի կը հասնէր։

Ոչ ոք կը հասկնար ահռելի իրականութիւնը եւ Արամին ինծն հանդիպելու խորշանքը կը վերագրէին զառանցող հիւանդի մոլեգնութեան մը եւ արգահատանքով կը նայէին վրաս. միայն բժիշկը թերեւս գուշակեց հիւանդութեան սկզբնապատճառը. բայց անիկա ի՞նչ գուշակեց... ես տանջուեցայ այդ կասկածով։

Արամին ֆիզիքական տառապանքը, նոյնքան ֆիզիքական անհանգստութիւն կը պատճառէր ինծի. խելայեղ մօրը արցունքներուն մէջ քանի անգամներ տեսայ մահուան հաւանականութիւնը։ Նոյնիսկ օր մը, հը շատ մօտ եղաւ, իր անշօշափելի ներկայութիւնը զգացի գրեթէ, երբ անիկա խուսափեցաւ յանկարծ, քմահաճ ոստումով մը... բայց շատ հեռու ալ չէր գացած, աւա՜ղ։

Մահուան այդ գաղափարը զիս կը խենթեցնէր ու եթէ կը տանէին զայն, պատճառը ան էր որ իրապէս չէր հաւատար անոր կարելիութեանը։

Ահա հակասութիւնը... ես զայն կանչած, զայն հրաւիրած էի դժբախտութեան օրերու մէջ, համոզուած էի որ մեր անել դրութիւնը միայն մահուան միջամտութիւնով կը լուծուէր, բայց ես զայն կանչած չէի անոր համար... երբե՛ք, երբե՛ք։ Ապրի՞լ էր արդեօք բեռնաւորուիլը մեռելի մը յիշատակով. ապրի՞լ էր ամէն րոպէ խորհիլը որ քու յատուկ կամեցողութիւնովդ զրկած ես ուրիշ մէկը վայելած լոյսէդ եւ կեանքէդ. ապրի՞լ էր բանտարկուիլը այն ցնորական երազին մէջ որուն կաշկանդումներէն երբեք, վստահ եմ, չպիտի ազատի իմ դողդոջուն էութիւնս։

Իմ խղճմտանքս մաքուր է այդ տեսակէտով եւ ես ինքզինքս մեղադրելիք ոեւէ կասկածելի փափք չեմ ունեցած. բայց մահը եկաւ, մեր երդիքին ներքեւ մտաւ ու օրերով դեգերեցաւ մեր շուրջը։ Չարաբաստիկ մտածումի ծուէններ եկան, անցան իմ ուղեղիս մէջէն եւ սարսափով համակուած՝ սպասեցի որ անոնք կազմաւորուին, մարմին առնեն եւ զիս իրենց օրէնքներուն հպատակեցնեն, իբր թէ ես չըլլայի զանոնք վարողը։

Իմ անգիտակցութեանս խորերէն անմերժելի պատուէրի մը պէս պիտի գար կարծես գերագոյն թելադրութիւնը։

Անիկա կ’ուշանար, կը վարանէր եւ ես չէի գիտեր որ ուրախանա՞մ թէ տխրիմ այդ բանին համար։

Արամին հիւանդութիւնը կը սաստկանար. տանը մէջ սկսաւ ծածանիլ մահահոտ մթնոլորտ մը. իմ չոր աչքերուս առաջք զարմացած, մօրը աչքերը կրկին ցաւով կ’արտասուէին. ու ես հանդիսատես կ’ըլլայի բոլոր այս հէք եւ մարդկային թշուառութեան, առանց դղրդուելու, առանց զգածուելու. ուրեմն այսքա՛ն ամայացա՞ծ է իմ հոգիս, ուրեմն արցունքի բոլոր աղբիւրները ցամքա՞ծ են իմ մէջս... միայն մրրկային տենդը կը խոյանար երակներուս մէջէն եւ բանականութիւնս էր որ կը տանջուէր կատարուողիրողութիւններուն վերահասու դառնալով։

Այլ սակայն կը նախանձէի մօրը այդ գաղջ եւ առատ արցունքներուն. ջերմէ հրակէզ իմ այտերս անոնց ծարաւը ունէին եւ ի՞նչ չպիտի տայի կարենալ ժամ մը արտասուելու համար, ոեւէ բարեհամբոյր եւ զգայուն կնոջ պէս։

Իրարանցում, յուզում, բարձրաձայն լաց ու հեծեծանք...

Դրանս ետին կեցած չեմ համարձակիր դուրս ելլելու. ամբողջ մարմինս պաղած է դժնդակ սպասումի մը մէջ եւ գրեթէ անհամբերութեամբ գոյժին կը սպասեմ... դուռներ կը բացուին ու կը գոցուին աղմուկով, ամբողջ տունը կը թնդայ յուզումնալի աճապարանքի մը տակ... դրացիներ կը հասնին, անճանաչ մարդու ոտնաձայներ կը դեգարին սանդուխներուն վրայ եւ ես չեմ գիտեր դեռ եւ դրանը ետին կեցած, ամբողջ մարմինս համակուած մահասարսուռ ցրտութիւնով մը, կը սպասեմ, անհամբերութեամբ գոյժին կը սպասեմ։

Ուրեմն ինծի մոռցա՞ն իրենց սուգին մէջ. ինծի վտարեցի՞ն իրենց ընտանեկան վիշտէն։

Քիչ մըն ալ կը սպասեմ. սիրտս կը թնդայ, կարծես ամբողջ աշխարհը դղրդեցնելով իր հարուածներով... Ձայները դադարեցան, լացերը լռեցին... ի՞նչ կայ, Աստուա՜ծ իմ... վայրկեանները որ գալու են ինչո՞վ բեռնաւորուած են ինծի համար։

Կէս մը բացի դուռը եւ էթերի թափանցող հոտ մը զիս դիմաւորեց. չարագուշակ հոտ, որ ճգնաժամային կամ մեռելական բան մը կուտայ իրմով տոգորուած մթնոլորտին...

Աչքերս կը տեսնեն զայն, գերագոյն ծամածռութեան մէջ գալարած դիմագիծերով, բիբերը մարած կիսախուփ արտեւանունքին ներքեւէն, ճակատը կրային ճերմկութեամբ տժգունած ու մատները վտիտ՝ մոմերու հանգոյն…

Աչքերս կը տեսնեն զայն որոշակի եւ վճռական ճշդութեամբ մը եւ ապշութիւնս դողահար զարմացումի մը կը փոխուի, երբ կ’իմանամ վերջապէս թէ՝ չէ՝, նուաղում մըն էր պատահած եւ տագնապը անցած է այլեւս…


Բայց չեն գիտեր, եւ ես ինքս չէի գիտեր թէ ինչ որ աչքերս տեսան, ճիշտ էր, բայց ուրիշ օրուան մը համար։


– Դուն ի՞նչ ըրիր իմ զաւակիս…։


Մօրը աչքերը յայտնապէս կը հարցնեն ինծի ասիկա, բայց հակառակ անոր ահագին վիշտին, ոխ չկայ այդ աչքերուն մէջ, այլ միայն փլչող ցաւ մը, չդիմացող, խրոխտանալու անկարող ցաւ մը որ կարծես կը խեղդուի գաղջ արցունքի առատութեան մէջ…

Իրիկուան դէմ է. բժիշկը մեկնած է եւ ես քաջալերուած սպասուհիին խօսքերէն, որով ապահովցուց թէ հիւանդը ծանր եւ խորունկ քունով մը կը քնանար, առաջին անգամը ըլլալով իջայ անոր սենեակը, կեցայ անկողնին քով, նայեցայ իրեն երկարօրէն։

Ֆիզիքական ցաւը աւրեր, անհետացուցեր էր բարոյական վիշտի ոեւէ հետք ու իր դիմագծերը նրբացնելով ազնուացուցեր ու փոխեր էր զայն. գրեթէ համակրանքով նայեցայ այդ տառապեալի դէմքին ու ջանացի վիշտի եղբայրակցութիւն մկ գտնել անոր հետ… այդ թափանցիկ եւ անարիւն մորթը՝ որուն ներքեւէն հիւանդ արիւնին տենդագին շրջանը կ’ընդնշմարուէր, այդ փակ եւ կոպտացած կոպերը՝ որոնց եզերքները սեւ ծիրը կ’որոշուէր, այդ ցաւի եւ հեծութեան աղաղակով գալարուած շրթունքը՝ զիս դղրդեցին խորունկ եւ անսահմանելի զգացումով մը…

Ցաւը զայն գեղեցկացուցեր էր ու մահը կը հաշտեցնէր մեզի…

Անդրգերեզմանային ցուրտզգացումով մը լեցուեցայ. իմ չար, իմ սառն, իմ ոխերիմ հոգիս կրցեր էր շարժիլ վերջապէս. արցունքներ աչքերուս մէջ խուժեցին եւ անոնք բիբերս կ’այրէին առանց թափուելու. եթէ հարկ ըլլար խօսիլ անկարող պիտի ըլլայի, որովհետեւ ձայնս կապուած էր սեղմուած կոկորդիս մէջ…

«Արա՜մ, Արա՜մ, Արա՜մ», գոչեցի միտքէս, յուսահատական ու դառն փղձկումով մը, բայց անիկա ինծի պատասխան չտուակ եւ իր մեռելանման դէմքը, անշարժ ու ցուրտ մնաց, իր թափանցիկ ու գունատ մորթով, որուն ներքեւէն կարծես կ’ընդնշմարէիր հիւանդ արիւնին տենդագին խուճապը…

Քայլերու թաւ եւ թեթեւ աղմուկ մը զիս խանգարեց. ետեւ դարձայ եւ տեսայ մայրը որ կը յառաջանար, դէպի տղան կուգար յուշիկ քայլերով. սոսկաց զիս հոն տեսնելով եւ իր քաղցր ու խոնաւ աչքերը որոնք շատ արտասուելէն թառամեր էին, սեւեռեց իմ վրաս, յանդիմանական զարմացումով մը. յետոյ զարմացումը անցաւ, յանդիմանութիւնը խեղդուեցաւ արցունքնրեու էմջ։

Լռիկ եւ անշշուկ կ’արտասուէր, առանց իր դէմքին նեարդները շարժելու եւ իր արցունքներուն ընդ մէջէն խելայեղած բիբերը կ’ըսէին ինծի.

– Դուն ի՞նչ ըրիր իմ զաւկիս…։

Ես ի՞նչ ըրի… ես ինչո՞վ յանցաւոր եմ… գիշերն իբուն գլուխս ձեռքերուս մէջ առած կը մտածեմ անձկութեամբ… ես ի՞նչ ըրի… ի՞նչ դեր կատարելու սահմանուած էի կեանքի մէջ, եւ ահա ի՞նչ բանի վերածեցին ինծի… կը մտաբերեմ իմ դժբախտ ամուսնութեանս դրդապատճառները, կը մտաբերեմ այն սոսկալի մտորումը որուն զոհը եղայ եւ որմէ սթափեցայ յանկարծ՝ երբ արդէն շա՜տ ուշ էր…

Դժբախտութիւնը լրացաւ, անդառնալիօրէն, բայց արդեօք միակ յանցաւորը ես է՞ի… եւ միայն ե՞ս պարտական էի այս տաժանելի հարուածը կրելու։

Այն որ բո՛ւն յանցաւորն էր… այն ո՛ր…

Անգամ մըն ալ իմ մտածումէս կը վտարեմ իր անիծեալ յիշատակը, անգամ մըն ալ… որովհետեւ ջերմապէս կ’ուզեմ որ անոր անունն իսկ աւրուած ըլլայ իմ հոգիիս մէջէն…

Այլ սակայն կը սիրէի զինքը… ու քաղցր է իմ անագորոյն հոգիիս համար յիշել որ պահ մը մարդկօրէն դղրդեցաւ անիկա…

Ի՛մ հոգիս… իմ այն ատենուան հոգիս… կը տեսնեմ ինքզինքս գեղեցիկ ու սիրուած ու քաղցրօրէն անփոյթ իմ վարանոտ եւ փայփայիչ գորովանքիս մէջ… կը տեսնեմ ինքզինքս զուարթ եւ գարնան առաւօտուան մը պէս պայծառ ու բարի, հզօրապէս օժտուած սիրոյ եւ գորովանքի զգացումներով… կը տեսնեմ ինքզինքս վստահ իմ գեղեցկութեանս, եւ անոր սիրոյն մէջ ու մոլեռանդօրէն հաւատացող անոր անեղծանելի եւ անանցանելի զգացումին… ու բոլոր այս բաները յանկարծ կը շիջանին ու կը մեռնին ու հոգիիս բոլոր ուրախութիւնները մէկ անգամէն կը մարին եւ ես ճշմարիտ կեանքին բարբարոս եւ դաժան օրէնքներուն կը գիտակցիմ մէկ օրուան մէջ, մէկ սուգի եւ դժբախտութեան օրուան մէջ։

Բուն յանցաւորն անիկա է… անիկա որուն անունն իսկ շրթներս կ’այրէ անէծքի մը պէս, Վահէն, անիկա է է որ առաջին նագամ սպաննեց իմ հոգիս… ու ես բարոյապէս խեղանդամուած մնացի այդ մահացու հարուածէն. մահը նախընտրելի էր այն տանջանքներէն որոնցմով տանջուեցայ եւ այդ միջոցին սպառեցաւ իմ հոգեկան բոլոր եռանդս, աշխոյժս եւ կիրքերս… Աշխարհը սեւցաւ ինծի համար եւ ես ցուրտ գերեզմանին տենջացի եւ ահա խելակորոյց մոլորանքի մը մէջ ցաւէս ու հոգեկան տառապանքէս ցնորած՝ իր եղբօրը մէջ կարծեցի տեսնել, խաբուսիկ նմանութենէ մը խաբուելով, իմ դժոխային տագնապներուս ամոքում մը…

Եւ ահա իմ աւերուած էութեանս խորէն տաժանելի երկունքով ծնաւ իմ հպարտութիւնս եւ անիկա կանգնեցաւ իմ եւ անոր մէջ եւ զիս հեռու վանեց ոեւէ մեղապարտ մխիթարութենէ, ոեւէ անարժան զիջումէ եւ իր երկաթէ օրէնքներով ինծի թելադրեց ցաւին ու տառապանքին տարամերժ առանձնութիւնը…։

Ու իմ վիրաւորուած հոգիս անգամ մըն ալ բարձրացաւ հասնելու համար իմ դէմ ցցուող հպարտութեան հասակին. ու ես այլեւս չզիջեցայ, ո՜հ, ոչ, այլեւս չմեղկացայ իմ ցաւիս մէջ եւ իմ դէմս գոցեցի մխիթարութեան բոլոր կասկածելի եւ տղմուտ ուղիները…

Բայց այլեւս անքակտելի կապերով կապուած էի Արամին, ու անիկա ատելի էր ինծի, որովհետեւ անոր ներկայութիւնը եւ անոր ինծի համար ունեցած յաւակնութիւնները ժխտումն էին իմ հոգեկան վիճակիս. անիկա օտար էր իմ ցաւիս, իմ մտահոգութիւններուս, իմ դառնութեանս, եւ իմ եւ անոր մէջ ոչ մէկ առնչութիւն կար…

Ես զինքը ատեցի իմ անհանգիստ հպարտութեանս, իմ սթափած լուսամտութեանս բոլոր թափովը, ատեցի զինքը իրմով մոլորած ըլլալուս համար, իմ վիշտիս վճիտ պայծառատեսութենէն։ Ատեցի զինքը զիս սիրելուն եւ իմ բուն զգացումներուս մասին կոյր եւ խուլ մնալուն համար, եւ իմ ատելութիւնս դարձաւ անգութ, դառն ու դաժան, մահուան պէս…

Ո՜վ է ճշմարիտ զոհը եւ ո՞վ է բուն դահիճը, ե՞ս, թէ անիկա… բայց ի՞նչ փոյթ դասաւորել դերերը, չէ՞ մի որ այսքանն իսկ տեղի տալ մըն է, թերեւս անգիտակից ձգտում մը համաձայնութեան եզր մըն գտնելու…

Երբե՜ք… երբեք… արցունքի եւ վիշտի ալեծածան ծովով մը բաժնուած ենք իրարմէ եւ նետուաթ իրարու անհաշտ ափունքներու վրայ… երբե՛ք, երբե՛ք, ինչո՞վ պիտի մաքրուի իմ անձիս, իմ գեղեցկութեանս դէմ եղած նախատինքը, ո՞վ պիտի կարենայ անցեալը մոռցնել տալ ինծի, ինչո՞վ կարելի է որ վերածնիմ իմ սկզբնական միամտութեան եւ անխառն ուրախութիւններուս մէջ… մա՜հը… մահը մեզ չի կրնար հաշտեցնել, անիկա վերջն է ամէն բանի եւ սկիզբը չի կրնար ըլլալ… անիկա զիս մեղմացուց, որովհետեւ թերեւս ընդնշմարել տուաւ իրաց տաժանելի վիճակի մը վերջաւորութիւնը…

Եւ ահա, ո՛վ մայր, քու արցունքներուդ ճշգրիտ նշանակութիւնը… անոնք չթափեցան երբ քու զաւակներէդ մէկը զիս սպաննեց գերագոյն մահով եւ անոնք առատօրէն կը զեղուն հիմա երբ քու զաւակներէդ ուրիշ մըն է սպաննուողը… բայց այն առաջին ոճիրը իր մէջ կը կրէր այս վիշտիդ սկզբունքը եւ քու զաւակդ ինծի զարնելով քեզի ալ զարկած եղաւ…

Ո՞վ է որ այս բոլորը կը մրմնջէ ականջներուս, ո՞վ է որ կ’ուզէ խանգարել իմ քիչ առաջուան զգացած հոգեկան յուզումս… ի՜նչ դեւ է որ կ’ապրի քովս իվեր, անբաժանելի եւ անողոքելի եւ որուն դաժան ազդեցութենէն չեմ կրնար ազատագրուիլ…

Ժամերը կը սահին կ’անցնին ու ես գլուխս ձեռլերուս մէջ առած կը մտածէի երկարօրէն, եւ սարսուռով կ’անդրադառնամ որ մահուան մերձաւորութեան մէջ, այս սգաւոր երգիքին տակ, մօրդ արցունքներուն իտես, երկար ատենէ իվեր առաջին անգամը ըլլալով քու անունդ իմ շրթներուս վրայ եկաւ, Վահէ՛։

Առաւօտեան դէմ սպասուհիէն իմացայ թէ Արամ կը շարունակէ քնանալ, ինչ որ բժշկին տուած տեղեկութիւններուն համեմատ բարեբախտ նշան մըն է. արեւը նոր ծագած էր երբ մայրը եկաւ քովս եւ ինծի բացատրեց ամուսինիս հիւանդութենէն մանրամասնութիւններ, յոյսը վերսկսած էր ծագիլ անոր խոնաւ աչքերուն մէջ եւ յոյսին հետ անսահման ներողամտութիւն… ա՜խ, եթէ այդ ամոքիչ զգացումներէն գոնէ մէկ ճառագայթ իյնար իմ հոգւոյս մէջ… բայց անիկա գոց է, կնքուած գերեզմանի մը մնան։

Կարճատեւ զարթումէ մը ետքը, Արամ վերստին քնացաւ աւելի խաղաղ եւ աւելի բնականոն քունով մը. այլեւս ամէն վայրկեան ինծի կը տեղեկացնէին իր վիճակին վրայ. տենդը դադրած էր եւ բժիշկը մեծ յոյսեր կը ներշնչէր ու այս անակնկալ ապաքինումը, մահուան դողերէ ետքը այնպիսի մեծ երջանկութիւն մը պարգեւեց իր մօրը որ ակամայ տարուեցայ տարտամ եւ շփոթ ուրախութեան մը մէջ։

Մայրը յաճախ կու գար իմ սենեակս եւ երկարօրէն կը խօսօր իր տղուն վրայ. կը խօսօր մանաւանդ անոր մանկութեան շրջանէն եւ կը նախընտրէր այն դրուագները որոնց մէջ անիկա գեղեցիկ, անվեհեր եւ ազնիւ եղած էր… կարծես խեղճ կինը իր մայրական գուրգուրանքին մասնակից ընելով զիս կ’ուզէր իր տղուն համար սէր շհաիլ ինձմէ։

Կը խօսէր շատ անգամ աննշան մանրամասնութեանց վրայ եւ որոնք սակայն անպատում երջանկութիւնով մը կը լեցնէին զինքը.

– Այն օրերը սեւ թաւիշէ հագուստ մը շինած էինք, ճերմակ տանթելէ օձիքով մը. սեւ մազերը երկայն խոպոպիքներ ունէին եւ աչքերը այնքա՛ն գեղեցիկ էին որ ինծի անգամ կը զարմացնէին… նիհար էր ու տժգոյն, բայց սեւ աչքերուն ու սեւ մազերուն նմանը չկար։

Աչքիս առաջք կը ներկայանար այդ մանկիկը իր սեւ թաւիշէ հագուստով եւ ճերմակ օձիքով եւ այդ սեւ աննման աչքերը, խորունկ թախիծով համակուած կը սեւեռէին ինծի… ու որովհետեւ գիտէի որ այդ աչքերը ինծի համար արցունք պիտի թափէին, սիրտս կը գալարուէր անդարմանելի ցաւի մը մէջ…

Մայրը կը յաջողէ՜ր, թերեւս… անիկա իմ ձեռքերուս կը յանձնէր անոր մանկութիւնը, անիկա զիս կը դղրդէր ամուլ մնացած կնոջ՝ ներքին, խորունկ եւ անխոստովանելի ցաւիս մէջ… ու մտածել կուտար ինծի որ եթէ մայր դարձած ըլլայի, թերեւս հպարտութիւնս եւ ատելութիւնս հալէր արեւի ճառագայթներու ներքեւ եղող սառնակոյտի մը պէս…

Եթէ մայր ըլլայի՜… թերեւս դողալով մտածէի իմ զաւակներուս կրելիք տառապանքին վրայ ուրիշ կիներու միջոցաւ եւ ես ինքս մեղմանայի ու ներողամիտ գտնուէի անոնց հօրը հանդէպ. թերեւս անոնք հաշտութեան անսպառ աղբիւր մը ըլլային մեր ոխերիմ էութեանց միջեւ… բայց ես աւելի դժբախտ քան ամէնէն դժբախտ կինը՝ ամուլ եւ անզաւակ մնացի ապերասան ապառաժի մը նման։

Դեռ չամուսնացած, իմ երկարատեւ սպասումի տարիներուս, յաճախ ցաւով մտածեցի անցած ունայն ժամանակին վրայ, եւ այսօր աչքիս առաջք բերելով իմ երիտասարդութեանս կորովի եւ պարապ շրջանը, յօշոտիչ ցաւով մը կը գալարուիմ խորհելով այն բոլոր զաւակներուն վրայ որոնք այդ միջոցներուն կրնային կեանք առած ըլլալ իմ առողջ եւ հզօր կենսականութենէս եւ որոնց անգոյութեան ցաւը զիս կը չարչարէ շարունակ։

Երբեմն կը տեսնեմ զանոնք, իմ չծնած զաւակներս. իմ պատկերիս նման, առողջ, հուժկու եւ կորիւններու պէս ընդունակ կեանքի պայքարին մէջ յաղթանակելու… կը տեսնեմ զանոնք իրենց մաքուր ճակատներով, իրենց նայուածքներուն հուրքով, իրենց շարժումներուն ոգեւորութեամբ… ու այդ բոլորը սպասեցին ի զուր սիրոյ անկեղծ եւ հզօր վայրկեանի մը՝ մարմին առնելու համար եւ հետզհետէ անհետացան դժբախտութեան գորշ եւ տարտամ մառախուղին մէջ…

Եւ ես որ իմ սեփական սուգիս հետ ունիմ անոնց սուգը, ինչպէ՜ս մտիկ կ’ընեմ մօր մը հնարամիտ, իմաստուն եւ շրջահայեաց ճարտարութեան, իր միսէն ու արիւնէն կազմուած զաւկին երջանկութիւնը ապահովելու համար եւ կը խորհիմ մանաւանդ, նախանձով եւ ցաւով կը խորհիմ թէ, մայրական ամենամեծ վիշտը դարձեա՛լ մխիթարութիւն մըն է անզաւակ կնոջ մը հոգեկան անապատային երաշտութեան բաղդատմամբ։

Ցաւիլը ապրիլ է ու գուրգուրալը մխիթարուիլ. ուրիշին հաշուին տառապիլը ինծի ինչո՞ւ անծանօթ մնաց, ո՜վ Աստուած։

Գիշերուան մէջ եկաւա մայրը ու զիս արթնցուց. ընդոստ նստեցայ անկողնիս մէջ, բայց անիկա զիս ապահովցուց իր ժպիտովը.

– Եկո՛ւր, Արսուսեա՛կ, ըսաւ, եկո՛ւր տես։

– Ո՛չ, ըսի անմիջապէս դառն շեշտով մը, զիս չուզեր տեսնել ինքը…

– Եկո՛ւր, ըսաւ մատը շրթունքին դնելով, հիմա քնացած է, բայց բոլորովին առողջ մարդու պէս, շնչառութիւնը կանոնաւոր, ճակատը զով, եւ նոյն իսկ շրթները սկսան գունաւորուիլ։ Հապճեպով հագուեցայ եւ հետեւեցայ մօրը. իմ կամքէս անկախ զօրութիւն մը զիս կը վերցնէր գետնէն ու դէպի անոր սենեակը կը մղէր. կարծես երազի մէջ էի…

Որքա՛ն տժգոյն էր դեռ եւ որքան նիհարցած. իր քով նստայ աթոռի մը վրայ եւ հակառակ ըրած զգուշութիւններուս, աթոռը սահելով գետնին վրայ, պզտիկ աղմուկ մը հանեց. Արամ շարժեցաւ իր անկողնին մէջ, աչքերը բացաւ, ինծի նայեցաւ պղտոր եւ քունէն՝ նուաղած բիբերով ու մրմնջեց։

– Մա՜յր, մա՜յր…

Զիս չէր ճանչցած անտարակոյս, եւ այդ իսկ պատճառաւ թերեւս, խորունկ, եղերական ձայն մը յուսահատօրէն երգեց իմ ամայի հոգւոյս մէջ։

Մայրը իր կարգին մօտիկցաւ տղուն, իր ճերմակ գլուխը հակեցաւ անոր սեւ մազերուն վրայ, բայց շուտով հեռացաւ ու ժպտելով ըսաւ ինծի.

– Քունին մէջ էր։

Զիս մինակ թողուց Արամին հետ ու հեռացաւ, եւ յանցաւորի սրտադողով հսկեցի անոր հիւանդի քունին վրայ. իմ աչքերս որ այնքա՛ն դժկամութեամբ կը տեսնէին զայն ժամանակաւ, որուն ամէն մէկ դիմագիծը, մազերը, աչքերը, բերանը, իր կրած հագուստները, իր ձեռքով բռնած իրերն անգամ ատելի ու խորշելի կը դառնային ինծի համար, ու նոյնիսկ անօրինակ զայրոյթով մը կը զայրացնէին զիս, հիմակ այդ բոլորին վրայ իմ աչքերս կը սեւեռէին եթէ ո՛չ հաճոյքով, գոնէ հանդարտ համակերպութիւնով մը. գաղջ եւ վրդովեցուցիչ զգացում մը յամրօրէն կը սողար էութեանս մէջ ու սարսուռի պէս ասղնտուք մը կը զգայի իմ մորթիս վրայ… կը խորհէի թէ զինքը շատ տառապեցուցեր, շատ տանջեր էի իս տարամերժ ատելութիւնովս եւ ինքզինքիս կը խոստանայի որ երբ անգամ մը բոլորովին առողջանար, ինքզինքս զսպէի, լռեցնէի հոգեկան փոթորիկներս, մոռնայի անցեալը, իր անձին համար զգացած հեռացումս եւ ջանայի տանելի կեանք մը ստեղծել իրեն եւ թերեւս ինքզինքիս համար ալ…

Կը խորհէի իմ անգործ եւ անզաւակ կնոջ կեանքս լեցնել ոեւէ գրաւիչ գործով. նոր կեանք մը ստեղծել ինքզինքիս համար, որուն մէջ մոռնայի այն կինը որ եղած էի, մոռնալով իմ ոխերս եւ դժբախտութիւնս միանգամայն։

Առաջին անգամ ըլլալով այն գիշեր առաւօտեան դէմ քանի մը ժամ քնացայ հանդարտ եւ անխռով քունով մը. երբ արթնցայ՝ նոր կեանքի մը ճաշակին քաղցրութիւնը կար շրթներուս վրայ. տարտամ ծրագիրնգր զիս պաշարեցին օրն ի բուն. իմ գունատ այտերս վարդագունեցան, աչքերուս մէջ կեանքը սկսաւ վառիլ եւ երկար, շատ երկար ատենէ իվեր առաջին անգամը ըլլալով զգացի որ վաղեմի գեղեցկութիւնս կը վերադառնար իմ պարզուած դիմագծերուս վրայ։

Նոյն օրը բժիշկը իմացուց մեզի որ Արամ վտանգէ զերծ էր այլեւս, բայց միեւնոյն ատեն խորհուրդ տւոաւ ինծի մասնաւորապէս, զինքը չզայրացնել իմ ներկայութիւնովս, որովհետեւ ո եւ է յուզում, ո եւ է գրգռութիւն կրնար հիւանդութեան վերադարձ մը յառաջ բերել։

Երկար ատենէ իվեր առաջին անգամը ըլլալով քաղցր եւ ներողամիտ տխրութիւնով մը հոգիս լեցուեցաւ. զայրոյրթս ու բոլոր վայրենի կիրքերս հանդարտեր ու չքացեր էին կարծես, ու վերջապէս արտասուեցի երկար ժամեր, առանձնացած սենեակիս մէջ եւ ինքզինքս տուած արցունքներուս բարերար եւ ամոքիչ հեշտանքին։

Ապաքինումը տեւեց երկար, տաժանելի, փափոկ. կարծես կեանքը նազով կը վերադառնար անոր քայքայուած էութեան մէջ։ Ֆիզիքական ցաւերու աստիճանական անհետացումին հետ իր կեանքին դառնութեան բոլոր յիշատակները արթնցան իր մէջ, ու խորունկ, անյաղթելի, սեւ մելամաղձոտութենէ մը բռնուեցաւ։

Ի զուր մայրը կը ջանար զայն ամոքել, իր մտահոգ մօր բնազդով՝ անկարելի կը հնարէր եւ անիկա կը հասնէր այնպիսի նրբին ճարտարութեան մը որ թէ՛ զարմացում եւ թէ՛ հիացում կը պատճառէր ինծի։

Իրիկունները մօրը մեղսակցութեամբ կը մտնայի սենեակը ու մինչ անիկա կը քնանար յոգնած մարդու խորունկ քունով, ես կը նստէի քովը եւ ժամերով կը մնայի աչքերս սեւեռած իր թխորակ եւ տժգոյն դէմքին։

Երբեք իմ անունս չէր արտասանած անիկա, եւ նոյն իսկ չէր հետաքրքրուած թէ ի՛նչ եղած եմ, ո՛ւր եմ. երբեմն կը մտադրէի յանկարծ երեւալ իր աչքին, մօտիկնալ իրեն, ձեռքերը բռնել ու ներողութիւն խնդրել, բայց մօրը ներկայութիւնը, իր ինծի հանդէպ պահած ցրտութիւնը եւ մանաւանդ հպարտութեան մնացորդ մը արգելք կ’ըլլային ինծի. կը վախնայի նաեւ իր դիւրագրգռութենէն որ ծայրայեղ աստիճանի մը հասած էր. մայրը կը պատմէր ինծի թէ ինչպէ՛ս սեւ տխրութեան երկար եւ անխօս ժամերէ ետքը, անիկա ոչինչ պատճառներով կը գրգռուէր բարկութենէն, համակ դողդոջուն, աչքերը վառուած տարօրինակ տենդով մը, մինչեւ որ շրթները մեռելի պէս տժգունէին, ձեռքերը պաղէին ու իյնար բարձին վրայ։

Ամառը յառաջացած էր ու աշնանային զովութիւն մը հաճելի կը դարձնէր մթնոլորտը. տօթէն անշարժացած ծառերուն մէջէն առաւօտ եւ իրիկուն զով հով մը կ’անցնէր եւ պարտէզին ծառերուն սօսաւիւնը կը լսուէր երկար ատեն։

Պատուհանիս առաջքը նստած, ծնօտս կրթնցուցած ձեռքիս, կը նայէի ու ինքնամոռացումի մը մէջ կը յարատեւէի այնպէս, մինչեւ որ վարի յարկի բաց պատուհաններէն լսէի Արամին տրտնջացող եւ դիւրաբեկ ձայնը, գրգռութենէ դողդոջուն, որուն անսահման համբերութեամբ մը կը պատասխանէր մօրը հանդարտ ու գորովագին ձայնը։

Երբեմն ալ զառանցանքներ, մղձաւանջներ կը հալածէին զինքը. անծանօթ մարդոց անուններ կու տար, զանոնք կը կանչէր տիրակական անհամբերութիւնով մը. յետոյ կը լռէր ու ակռաները կը կափկափէին, աչքերը կը մոլորէին եւ շրթունքը կը գալարուէր իր տանջուած մարդու դէմքին վրայ. բոլոր անոնք կը պատմէր մայրը, մի՛շտ յուսաւէտ, միշտ հսամբերատար, եւ որուն անսպառ բարութիւնը բան մը կը գտնէր նաեւ ինծի տալու, իմ առանձնութեանս տխրութիւնը ամոքելու համար։

Բայց այդ օրերը որ բաղդատաբար իմ ցուրտ եւ սեւկեանքիս երջանիկ օրերն էին, երբ յոյսը խուսափուկ եւ դողդոջուն կը կայծկլտար հեռուէն ապագայիս հորիզոններուն վրայ, այդ օրերը մրրկավար ամպերու պէս շուտով անցան ու գացին… այլեւս ինծի համար չէ՛ր ծառերուն սօսաւիւնը, երեկոյեան զովութեան քաղցրութիւնը եւ առաւօտներուն պայծառութիւնը։ Ինչպէս եթէ մեռած ըլլայի, աշխարհս կորսնցուց ինծի համար իր երանգները, իր բուրումները եւ իր անսահման երաժշտութիւնը…։

Ցուրտ, մութ եւ լռին… մարմարեայ քարերու տակ ճնշուած է հոգիս, ինչպէս մեռելը իր տապանին ներքեւ, ու միակ զգացումը որ մնաց այնուհետեւ ինծի համար, վրդովուած եւ գրեթէ անհամբեր սպասումն էր սոսկալի եղելութեան մը…։

Ինչպէ՞ս եղաւ, ո՞ր օրէն սկսաւ այդ դժոխային դրութիւնը… այլեւս միտքս անկարոէ ղ որոշ ուղղութեամբ երթալու. յիշատակներս կը ցրուին, կարծես կը խուսափին իմ ցնորած մտածումէս… ինչ որ գիտեմ այն է թէ շատ լաւ զգացի աղէտը, զգացի զայն երբ մեր գլխուն վրայ կը սաւառնէր եւ կարծես դեռ որոշած չէր թէ մեզմէ որի՞ն պիտի հասնէր իր չարաբաստիկ հարուած…

Միտքի վերջին ճիգով մը կ’ուզեմ յիշողութիւնս սեւեռել դէպքերու յաջորդութեան վրայ եւ փնտռել սկզբնական պատճառը. բայց արդեօք այս բանը կարելի է՜… եւ այդ աղէտին սկզբնական պատճառը մեր էութեան մէջ չի կա՞ր արդէն, երբ դեռ իրարմէ հեռու, կեանքը կ’ապրէինք հաւատքով լեցուն եւ աչքերնիս սեւեռած ապագային՝ ուր հաստատ յոյսը ունէինք երջանկութիւնը գտնելու՝ մինչ հոն տառապանքը դարանակալ կը սպասէր։

Երբ Արամ անկողնէն ելաւ եւ ապաքինման տաժանելի շրջանը գրեթէ վերջացաւ, մայրը ուզեց մեզ առանձին թուղուլ։ Արամ հաւաներ էր անոր մեկնելուն, առանց դժկամակութեան, ինչ որ խեղճ կնոջ մեծ ուրախութիւն պատճառեց։ Անիկա հաստատապէս կարծաց թէ իր տղան ա՛լ կը փափաքէր առանձին մնալ կնոջը հետ, առանց վկայի եւ առանց երրորդի մը ներկայութեան, հաշտուելու համար ինծի հետ։

Ես որ այդ բանին գրեթէ փափաքած էի վերջին օրերը, անսպասելի յ։ուզումով մը համակուեցայ այս նոր դրութեան առաջ, մեծ շուարումի մէջ ինկայ եւ ինքզինքս զգացի խորապէս սպառած եւ յոգնած, գեր ի վեր չափով մը։

Բայց մայրը չգիտցաւ զիս վրդովող զգացումը եւ մեկնեցաւ մեր դժբախտութեան սեմէն, սիրտը հանգիստ եւ գոհունակ տրամադրութիւններով։

Մօրը մեկնելէն ետքը, աւերակային լռութիւն մը պատեց տունը. հազիւ թէ երբեմն վերի յարկէն անձկութեան եւ սարսափի խառն զգացումով մը կը լսէի Արամին քայլերուն երկարաձգուող աղմուկը. երբեմն ալ իր ջղագրգռուած եւ անհամբեր մարդու ձայնը կը հասնէր մինչեւ ինծի, երբ սրտնեղած կը խօսէր սպասուհիին հետ։

Անիկա ոչ մէկ անգամ ինծի չէր հարցուցած եւ երբեք իմ անունս չէր արտասանած ոեւէ առիթի մէջ. իր ոխին յարատեւութիւնը տեսակ մը անհանգստող յարգանք կը ներշնչէր ինծի. կը զարմանայի թէ չէի խորհած որ այս այսպէս կրնայ ըլլալ եւ թէ անիկա կրնար ինձմէ կատարելապէս անջատուիլ ոեւէ պատճառաւ։

Գիտէր սակայն որ տանը մէջ էի եւ իր անձին յատուկ խնամքները կը կարգադրէի առանց իրեն երեւալու. իմ ներկայութիւնս չէ՛ր կրնար անգիտանալ, հակառակ որ ամէն ջանք կ’ընէի շշուկ եւ ձայն չհանելու եւ իր վշտացած ուշադրութիւնը չդարձնելու իմ վրաս։

Յանկարծ դառն ու խելայեղ անհամբերութենէ մը տարուեցայ. աննկարագրելի ջղագրգռութիւն մը զիս կը մտրակէր իմ սենեակիս մէջ, ուր կարծես բանտարկուած էի. երբեմն թակարդը ինկած վայրենի որսի մը պէս սենեակիս շրջանը կ’ընէի խօլ ընթացքով մը, մինչեւ որ գլխու պտոյտէ բռնուած եւ գրգռուած, մաղձիս լեղի համը շրթունքներուս իյնայի բազմոցին վրայ։

Զայրոյթը եւ վիրաւորուած հպարտութիւնս կրկին որոտացին իմ հոգւոյս մէջ եւ ես տեսայ թէ իմ համակերպութեան եւ խոնարհութեան ձգտումներս, որոնք դեռ նոր փթթած էին մէջս, անողոք ճակատագրականութեամբ մը բզիկ բզիկ եղան դարձեա՛լ։

Երբեմն ալ կը ջանայի բացատրել այս տաժանելի դրութիւնը, կը մտաբերէի իմ բոլոր անգութ ցրտութիւնս իրեն հանդէպ, իմ վերջին օրուան դիրքս, իմ խօսքերս…

Կը մտաբերէի իր դէմքը, իր ապշութիւնը այդ այդ խօսքերը լսած ատեն, կը յիշէի իր ահաբեկած նայուածքը եւ կը խորհէի թէ արդեօք ի՞նչ կարգի երեւոյթ մը ունէի ես իր դէմ, ի՞նչ դիւական պատկերով ներկայացած էի իրեն… Այնքա՛ն, ա՜յնքան որ չէր կրնար մոռնալ, որուն յիշատակը կ’աւրօր, կը սրբէր բոլոր անցեալը, իր ինծի համար ունեցած անսահման սէրը, իր յաւակնութիւնները, իրաւունքները եւ յոյսերը…

Ուզեցի որ յոյսը արմատախիլ ըլլայ իր վատուժ հոգիէն, որովհետեւ անոր յոյսը որ սեւեռած էր իմ վրաս, նախատինքի մը պէս վիրաւորիչ էր ինծի համար… բայց ահա չմտածեցի թէ ի՞նչ է առանց յոյսի կեանքը, չմտածեցի ու չուզեցի անդրադառնալ այդ բանին. այլ սակայն արդեօք մարդկօրէն կարելի է՞ ըմբռնել ոեւէ կեանք, ինչքան ալ դժխեմ ու դառն ըլլալ, նոյնիսկ քանի մը րոպէի կեանքը անոր որ դէպի կախաղան կ’ընթանայ, առանց յոյսի… առանց դոյզն յոյսի։

Անիկա մահն է ֆիզիքական մահէն առաջ, անիկա հոգւոյն մահն է դիակնացումէն առաջ… անիկա կեանքն է մէկուն որ դիակ մը կը քաշէր իր ետեւէն, ամբողջ ապագայի դիակը… կեանք մը որ հորիզոն չունի, որ վաղը չունի…

Այդ կեանքը իմս էր արդէն եւ զինքն ալ հաղորդակից ըրի անոր…

Օրեր անցան, յետոյ շաբաթներ, աշնանային ցուրտ եւ խոնաւ օդեր զինքը ա՛լ աւելի փակեցին տան մէջ։

Երբ օդերը դեռ տաք էին, երբեմն կը տեսնէի իր վտիտ եւ կորաքամակ սիլուէթը պարտէզին ծառերուն մէջտեղէն. անիկա կը քալէր յամր եւ դեդեւուն քայլերով, եւ նոյնիսկ իր դժբախտութեան անծանօթ մարդոց համար յայտնի էր որ անիկա կեանքի բեռը կը քաշքշէր դատապարտութեան մը պէս։ Կը նայէի անոր հիւծած եւ սպառած մարմինին գրեթէ անտարբերութեամբ եւ զարմացումով կը զգայի որ իրեն համար զգացած արգահատանքս, որ գոնէ քիչ մը երանգ կուտար կեանքիս, անհետացեր էր բոլորովին…

Այս վիճակին մէջ էինք, երբ գիշեր մը, անձրեւոտ եւ տխուր գիշե՛ր, մտիկ կ’ընէի անոր քայլերուն աղմուկին որ վարի սենեակէն մինչեւ ինծի կը հասնէր. մտիկ կ’ընէի ու սիրտս բեռնաւորուած կը զգայի յիմարացուցիչ տուայտանքով մը. կը խորհէի մահուան վրայ իբր շատ ընտանի եւ մերձակայ բանի մը՝ որուն գաղափարին հետ հաշտուած ըլլայի երկար ատենէ ի վեր։

Իմ զօրեղ եւ առողջ կենսունակութիւնս միշտ սոսկումով անդրադարձած էր այդ անխուսափելի աղէտին, բայց այդ ժամուն անիկա ինծի կարելի եւ մերձաւոր կը թուէր, եւ իմ բնազդական խորշանքներս տեղի կուտային մէկիկ մէկիկ։

Յանկարծ սանդուխին տախտակները կռնչեցին. ի՞նչ բան էր ասիկա. սթափեցայ իմ չարագուշակ երազանքէս. ոտքի ելայ եւ ականջ դրի. ուրուականային ներկայութիւն մը զգացի ինծի մօտիկ, սանդուխներուն վրայ. անձկութեան պաղ քրտինքը զգացի ճակատիս եւ ծոծրակիս վրայ. կարծես սոսկումի սաստկութեան մը մէջ մարմինս կ’անէանար եւ ցուրտ պղպջակներ կազմելով կ’անօսրանար եւ կը ցրուէր հեռուները։

Իմ էութեանս գիտակցութիւնը կորսնցուցի եւ սթափեցայ վայրկենապէս. անշարժ էի, արձանացած աներեւակայելի զգացումով…։

Ո՛չ, երբե՛ք, երբե՛ք, սոսկումի եւ արհաւիրքի ոեւէ րոպէի մէջ մարդիկ նման զգացումէ չեն գալարուած։

Ծանր եւ տաժանելի րոպէներ, անձկութեան եւ սարսափի րոպէներ անցան այսպէս. ոտնաձայնը թեթեւ, ուրուականային, կը մօտիկնար։ Անիկա էր որ կուգար դէպի ինծի… անիկա՝ որուն հիւծած դէմքը չէր տեսեր շաբաթներէ ի վեր եւ որուն կորացած քամակին յիշատակը կը յամառէր իմ մոլորած բիբերուս առաջք, ահռելի յայտնատեսութեան մը նման։

Բայց անիկա կը մօտիկներ եւ ինծի այնպէս թուեցաւ որ անիկա քանի մը րոպէներէ իվեր չէ որ կը յառաջանար դէպ ինծի, այլ իս էութեանս սկիզբներէն իվեր, մի՛շտ, անդադա՜ր, եւ որուն սպասումին անձկութիւնը, չարչարանքը, կանխազգացումը սառեցուցած էր հոգիս։

Ես այդ րոպէին չվախցայ վրէժի արտայայտութենէ մը, ամբենաբուռն բրտութիւնը պիտի ընդունէի համակերպութեամբ եւ գրեթէ գոհունակութեամբ. եթէ գիտնայի որ անիկա ֆիզիքական հարուածով մը պիտի փոխարինէր իմ իրեն պատճառած ցաւս, պիտի օրհնէի իր բազուկը, որովհետեւ ֆիզիքական ցաւին բարերար ուժգնութեանը մէջ թերեւս քանի մը օր մոռնայի իմ ներքին եւ մահացու սարսուռներս… պիտի ցաւէի ու տանգջուէի մարդու պէս, եւ որքան հարուածը սաստիկ ըլլար, այնքան աւելի հպարտութեամբ պիտի կրէի զայն ու իր դէմ կանգնած անայլայլ ճակատով եւ ցուրտ աչքերով պիտիընդունէի մահը…։

Բայց ես կը վախնայի իր դէմքէն, իր երեւոյթէն. կը վախնայի իր աչքերէն ու շրթներէն եւ զանոնք չտեսած, անոնց տեսքին գաղափարովը կը յիմարանայի։

Քայլերը մօտիկցան ու թեթեւ հպում մը զգացի դրանը վրայ, կատարուած էր ինչ որ կը սպասէի, հոս էր, քայլ մը անդին, ու հիմա անիկա ինծի կը ներկայանար աններող չար բախտի մը պէս որ եկած էր դուռս զարնելու։

Բայց անսպասելի պաղարիւնութիւն մը վայրկենապէս հանդարտեցուց ինծի. լսեցի ձայնս որ կը հնչէր ինծի օտար ձայնի մը պէս.

– Մտէ՛ք…

Դուռը դարձաւ իր ծխնիներուն վրայ ու ես զինքը տեսայ հեւ ի հեւ ցաւագին, վտիտ ու գունատ ուրուականի մը պէս, բայց այդչափ. բոլոր մնացած ժամանակը, որքան ատեն որ անիկա իմ մօտս կեցաւ, այլեւս մշուշի մը ետեւ կը կորսուէր իր դէմքը… այլ եւս որոշակի չկրցայ տեսնել զայն եւ այսօր ալ անկարելի է որ վերյիշեմ իր չարաշուք, իր տառապած, իր տարտամ դիմագծութիւնը…

Ներս մտաւ, ու նստաւ դէմս. իր շնչատ հեւքը արգիլեց զինքը խօսելէ երկար ատեն. իրականութեան գիտակցութիւնը կը կորսնցնէի հետզհետէ. ու միշտ անօրինակ մշուշ մը աչքերուս առաջք վէտվէտելով արգելք կ’ըլլար որ զինքը տեսնէի։

Տեսակ մը արբեցութիւն վերացուցեր էր զիս եւ կարծես հիմա ծարաւը ունէի աւելի ուժգին զգայնութեան մը, հետզհետէ աւելի ուժգին։

Ու կը սպասէի իր խօսքերուն…

Անիկա վրէժ լուծելու համար չէր եկած եւ իր անուժ բազուկները անկարող էին որ եւ է հարուածի. անիկա անդրգերեզմանային ցրտութիւն մը եւ հանդարտութիւն մը ունէր, անանցանելի եւ յաւիտենական բանի մը նման։ Իր ձայնը՝ որուն կը սպասէի դառն եւ հիւանդագին անհամբերութեամբ մը, լսելի եղաւ վերջապէս.

– Կը կարծէի որ մահը պիտի ազատէր զիս այս ատժանելի կեանքէն, բայց ահաւասիկ այդպէս չեղաւ. կը հասկնաք անշուշտ որ անհաշտելի կերպով մը խզուած ենք իրարմէ. աշխարհի առաջք կապուած ըլլալով իրարու, ստիպուած ենք բնակիլ մէկ յարկի տակ… կ’ուզէի դարձնել ձեր բոլոր ազատութիւնը, բայց…

Խռպոտ եւ շփոթ աղմուկի մը մէջ խօսքը կորսուեցաւ. սկսաւ հազալ բեկբեկ հեւքով մը։

Ոտքի վրայ կեցած մտիկ կ’ընէի զինքը եւ կ’ուզէի կոչել.

– Ո՛չ, ես չեմ ուզեր այդ ազատութիւնը, հանուր մարդկութիւնը ինծի ատելի եւ խորշելի դարձած է. զզուանք կը պատճառեն ինծի գեղեցկագոյն համարուած կիրքերու գաղափարն իսկ. ես կը զզւիմ ու կը վախնամ եւ այս աշխարհիս վրայ ազատութեան պէտք չունիմ այլեւս…

– Բայց, ըսաւ դողդոջուն ձայնով մը, այդ ազատութիւնը շուտով եւ բնական կերպով մը կ’ունենաք, վստահ եմ…

Խօսեցաւ դեռ նոյն իմաստով բայց անկապակից բառերով, որոնք հետզհետէ անհասկնալի դարձան ինծի համար։

Մեկներ էր սենեակէս, զիս ձգելով անստգութեան եւ անսահմանելի վհատութեան մը մէջ. ես այդ պահուն չանդրադարձայ իր խօսքերուն բուն նշանակութեանը եւ անոնք թուեցան ինծի՝ խառնակ, անորոշ եւ իմաստէ զուրկ։

Օրերը որ նացան այդ դէպքին վրայ, այնքան տաժանելի եղան որ ինծի անկարելի է նոյնիսկ արտայայտել. ըստ ինքեան աննշան պարագայ մը պատճառ եղաւ որ մեր անջատուած կեանքը փոփխութիւն կրէ. մայրը եկաւ մեզի մնալու քանի մը օր. տղուն յամառող տկարութիւնը եւ սեւ տխրութիւնը մտահոգ ըրեր էին զայն. իրեն խնայելու համար մեր տաժանելի կեանքին գաղտնիքը լռին համաձայնութեամբ մը իրարու հանդուրժեցինք եւ երեկոները ընթրիքէն առաջ կը հաւաքուէինք ճաշասրահը։

Այդ միջոցին Արամը արդէն դուրս կ’ելլէր տունէն. եղանակը յառաջացած էր եւ հակառակ ցուրտին, երբեմն ալ ձիւնին, երկար ատեն կ’երթեր կը թափառէր բարձունքին վրայ. յոգնած եւ շնչասպառ կը վերադառնար, շրթունքին վրայ կրելով դառնութեան արտայայտութիւն մը ու աչքերը մարած իր գունատ եւ վտիտ դէմքին վրայ։

Գիշերը երկար ատեն, երբեմն մինչեւ առաւօտ կը լսէի իր քայլերուն դեգերող ձայնը, որոնք հետզհետէ շտապ եւ ջղագրգիռ, ինծի կը պատճառէին ցնորական գերագրգռութիւն մը։

Երբ մայրը մեկնեցաւ կրկին, ո՛չ ես եւ ո՛չ ալ ան համարձակութիւն ունեցանք մեր նոր սովորութիւններէն բան մը փոխելու. առաւօտուն կանուխ կը մեկնէր տունէն եւ ժամերով կը բացակայէր. երեկոյեան, նոյն լամբարին լոյսին տակ, օր մը այնքան չարաբաստիկ տեսարան մը լուսաւորուած էր որ կը մնայինք երկար, անձկալի ժամեր, լուռ եւ խոհուն։ Երբեմն կը ջանայինք կարդալ, բայց վստահ եմ որ ինչպէս ես նոյնպէս ինքը անկարող էր ընթերցումին հետեւելու. որովհետեւ յանկարծ կը թողուր գիրքը եւ կը սկսէր պտուտքիլ սենեակին մէջ, առանց աչքերը վեր վերցնելու գետնէն. տաժանելի բան մը դարձած էր նաեւ մեկնումի պահը. երկուքս ալ կը ցանկայինք առանձնութեան բայց չէինք համարձակեր առաջին քայլը ընել՝ սենեակէն հեռանալու համար, ու այս տարտամ կացութիւնս այնպիսի սրտնեղութիւն կը պատճառէր որ յաճախ աղաղակելու փափաքը կը զգայի՝ ծայրայեղ ջղագրգռութեան մը հասած։

Այլ սակայն ժամանակի ընթացքին, մեր այս տագնապալի կացութիւնը խաղաղեցաւ, մեր շարժուձեւերը սկսան բնական եղանակ մը ստանալ, երբեմն այս ահաւոր լռութեան մէջ իր ձայնը կը լսուէր ոեւէ սովորական կամ աննշան բանի մը վերաբերմամբ։

Երբեմն նայուածքս կը դարձնէի իրեն. ինչքա՜ն փոխուեր, ինչքա՜ն ծերացեր էր. ներքին աւերող ցաւ մը կարծես կը քանդէր իր մկանունքը. ծերունիի կերպարանք ունէր անիկա. աչքերը մարած, շրթունքը անգոյն եւ թոյլ, պեխերը կախ, մազերը անխնամ որոնք կը ցրուէին իր խոնաւ ճակատին վրայ. շարունակական տագնապ մը կը մաշեցնէր զինքը. կարծես լափող կրակ մը վառուած էր ներսը, ուրկէ կը տոչորէր, դժոխքի մէջ եղող հոգիի մը նման. մորթը թուխ եւ կանաչորակ տժգունութիւնով մը կը փաչկէր այտակներուն եւ խոռոչներ կազմուած էին քունքերուն վրայ։

Հետզհետէ զգացի որ ոչ միայն չէի փափաքեր դարմանել այդ աւերումը, այլ եւ անկարող ալ եմ այդ բանին. վճռական եւ անդառնալի կերպով մը անիկա դժբախտութիւնը կը կրէր իր ուսերուն վրայ. եւ իր նկուն անձը չպիտի կրնար հակազդել եւ ազատիլ հոգեկան չարչարանքներու ազդեցութենէն։

Բայց հակառակ այս ակնյայտնի երեւոյթներուն, անիկա մէկէն բարւոքում մը կրեց. կնճռոտ ճակատը պարզուեցաւ. անսովոր անդորրութիւն մը խաղաղեց իր գալարուած դիմագիծերը, սկսաւ հետաքրքրուիլ առօրեայ կեանքով, խօսեցաւ ինծի հետ ինչպէս կը խօսին օտարներու հետ, առանց յուզումի եւ առանց վրդովման։

Գորշ եւ միօրինակ կեանքի մը հեռապատկերը կ’ուրուագծուէր իմ դէմս եւ այլեւս այնքան յոգնած եւ այնքան սպառած էի որ լրջօրէն մտածեցի վերջ մը դնել այս բոլորին. իմ մէջս ալ յառաջ եկած էր տեսակ մը ցուրտ համակերպութիւն. գաղափարներս եւ մտածումներս կորսնցուցած էին իրենց սրաթռիչ արագութիւնը, ընդհակառակը կը մնային, կը լճանային մտքիս մէջ եւ երկար ժամեր անդադար ուշադրութիւնս կը սեւեռէր մէկ մտածումի մը վրայ, ու այսօր ինծի ցնորական սարսափ մը կը պատճառէ երբ կը խորհիմ թէ այն երկար ժամերուն եւ երկար օրերուն երբ իրարու հետ չէինք խօսեր, երբ ոեւէ հաղորդակցութիւն դադրաց էր մեր մէջ, մեր մտքերը ընդհակառակն իրարու հետ սերտ յարաբերութեան մէջ էին, իրարու հետ կը բանակցէին, կը վիճէին, եւ հուսկ ուրեմն իրերու հետ կը համաձայնէին։

Ցնո՜րք, ցնո՜րք. այլեւս ինծի անկարելի է հետեւիլ այդ մղձաւանջային ժամերու յաջարդութեան. կցկտուր պատկերներ կը ներկայանան մտքիս, ոմանք արագընթաց եւ տարտամ, խուճապի բռնուած թափորի մը պէս, երբեմն ալ դրուագներ, յստակ եւ պայծառ, որոնք ինչպէս եթէ այսօր, ինչպէս եթէ հիմա տեղի ունեցած ըլլային… կը յիշեմ րոպէներ, որոնք կ’ընդլայնուին ինչպէս եթէ քանի մը ժամեր ապրած ըլլայի անոնց արհաւիրքը եւ կը յիշեմ նաեւ ամբողջ օրերու շարքեր որոնք մէկ անգամէն կ’անցնին կ’երթան մուխի պէս…

Կը յիշեմ. գիշերին մէջ արթնցայ, մէկը ինծի կը դրդէր, ուսիս վրայ զգացի ցուրտ ձեռքի մը հպումը, ընդոստ նստեցայ անկողնիս մէջ. մարդ չկար. ձայն չկար. գիշերը ու մութը զիս կը շրջապատէին, բայց իմ մտածումս կարծես անջատուելով ուղեղէս, կը կենար իմ դէմս ու մութին մէջ մտիկ կ’ընէի անոր ձայնին։

– Պէտք է վերջացնել։

Երկաթէ եւ անագորոյն կամք մըն էր ասիկա քան թէ թելադրութիւն մը, խորհուրդ մը. ու ես ինքզինքս շղթայուած կը զգայի այդ սարսափելի խօսքերուն իմաստին մէջ… մտածումս կը կրկնէր արձագանգի պէս, աւելի թեթեւ, աւելի բարակ, հիւանդագին ձայնով։

– Պէտք է վերջացնել։

Եւ այդ ձայնին մէջ կը ճանչնայի Արամին հիւանդոտ մարդու ջղագրգիռ ձայնը…

Ականջներս գոցեցի ու պառկեցայ, վերմակս քաշեցի գլխուս վրայ որպէսզի չլսեմ, որպէս զի չի զգամ, բայց մինչեւ առաւօտ մարմինս պաղած, անքուն մնացի։

Առաւօտեան լոյսը աստիճան մը փարատեց կանխահոգութիւններս. բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ անդիմադրելի պէտք մը զգացի Արամը տեսնելու։ Սպասուհիէն իմացայ որ անիկա արդէն մեկնած էր տունէն երկու ժամէ իվեր. կը փափաքէի զինքը տեսնել բայց երբ իմացայ որ այլեւս հոն չէր՝ մեծ թեթեւութիւն մը զգացի. ժամանակս անցուցի պտուտքելով տանը մէջ որ ինծի պարապ եւ ամայի կը թուէր. մտայ բոլոր սենեակները, մտայ նոյնիսկ Արամին ննջասենեակը. աչքերս յառած էի պատն իվար կախուած անոր հագուստներուն, եւ անոնց թոյլ եւ անհոգի տեսքը սրտի սեղմում կը պատճառէր. սեղանին վրայ շարուած էին անոր գիրքերը եւ պզտիկ տուփի մը մէջ հազուագիւտ նամակադրոշմներու հաւաքածոյ մը կար. յանկարծ ինծի պարզուեցաւ մարդկային թշուառութիւնը իր անսահման ընդարձակութեամբ։

Եւ անիկա որ մէկիկ մէկիկ հաւաքեր էր այդ գունաւոր թուղթի կտորները, անիկա որ այդ ամէն մէկ հատին վրայ ուշադրութիւն սեւեռեր, հաւանութիւն յայտներ, դիտաւորութիւններ ունեցեր էր, անիկա… Աստուած իմ… Աստուած իմ…

Դուռը կը զարնեն շտապ հարուածներով, կը թնդեն զայն… սպասուհին ահաբեկած թռչունի պէս կը վազվռտէ պատերուն զարնուելով, բայց այդ թնդիւնը, այդ հարուածը երկար ատենէ իվեր թնդացած է իմ էութեանս մէջ ու գիտե՜մ, գիտե՜մ ահռելիօրէն գիտեմ…

Խումբ մը մարդիկ, պատերն ի վար կախուած հագուստներուն պէս անկենդան եւ անշունչ մարմին մը կը յառաջացնեն սանդուխներէն վեր… Անիկա է… սպաննուած ճամբուն վրայ…։ Աղաղակ, վայնասուն, բազմութիւն… ոստիկաններ… տանը դուռը բաց է եւ ամէն ոք կը մտնէ ու կ’ելլէ առանց անհանգիստ ըլլալու, ինչպէս եթէ փողոցին մէջ ըլլային…

Դրեր են հոն բազմոցին վրայ, գլուխը քիչ մը հակած ու կիսախուփ արտեւանունքին մէջտեղէն անլոյս ու մեռած բիբը կ’իյնայ ու կարծես կը նայի ինծի…

Այդ ճակատը, այդ կապտորակ շրթունքը որուն վրայ արիւնի փրփուր մը կը վարանի, այդ ձեռքերը, այդ մարմինը խլեակի մը պէս… կը ճանչնա՜մ, կը ճանչնա՜մ… երկար ատենէ ի վեր, կը ճանչնամ ու անոր սարսափելի գիտակցութիւնը սկիզբէն ի վեր տեղաւորուած էր իմ մէջս…

Ի՞նչպէս եղաւ, ի՞նչպէս տարին, ի՞նչ վճռեցին իր մասին, չեմ գիտեր ու չեմ ուզեր հետաքրքրուիլ, որովհետեւ ճշմարտութիւնը տարբեր կարգի ճշմարտութիւնով մը իմ մէջս է, իմ դիտաւորութիւններուս, իմ ցնորած գլխէս անցած գաղափարներուն մէջ։

Մարդոց համար յայտնի չեղաւ թէ անձնասպանութեա՞ն թէ ոճիրի արդիւնք էր այդ մահը, բայց ես գիտեմ թէ ո՞վ է բարոյական եւ նոյնիսկ գրական հեղինակը այդ սպանութեան. ես գիտեմ… կը ճանչնամ այդ ճամբան, կը ճանչնամ ձիւները ծակծկող արիւնի գաղջ կաթիլները… կը ճանչնամ հրազէնը եւ անոր թնդիւնը ընտանի է իմ լսողութեանս… գիտե՜մ, գիտե՜մ… բայց լռութիւն, լռութի՜ւն…

Եւ հիմակ որ գիտեմ, ի՜նչպէս մոռնամ այդ ամէնը, անկարելի, անկարելի բան է. այդ անձկութեան եւ զառանցանքի ժամերը անվերջանալի կերպով մը կը կրկնուին, կը շարունակուին իմ մէջս… իրականութեան եւ մղձաւանջի սահմանները շփոթուած են ինծի համար. ես չունիս երէկ, այսօր ու վաղը… իմ ժամանակս չի յեղաշրջիր, դադրած է տեւողութիւն ըլլալէ ու միակ մէկ դէպք, միակ մէկ ժամանակամիջոց իր մէջ կը բանտարկէ իմ բանականութիւնս… կը տեսնեմ զայն այն գիշերին մէջ, դրդուած ինծի պէս քունին մէջէն… կը լսեմ այն ձայնը, հրամայական, անողոք, անդառնալի…

– Պէտք է վերջացնել…

Իմ անձկութեանս եւ արհաւիրքիս մէջէն կը զգամ իր անգիտակցութեան սարսափը, պաղած մարմինը անկողինին մէջ ու մահուան ցանկութիւնը շրթներուն վրայ… կը տեսնեմ զինքը, կոյրի պէս խարխափելով, երթալ առնելու հրազէնը, այնպէս ինչպէս ես պիտի առնէի անշուշտ. գիտեմ այն բան ուրկէ ե՛ս պիտի երթայի, ամայի դաշտերը եւ ձիւնը ամենուրեք, մեր կեանքին պէս միօրինակ, ցուրտ, անհամբոյր եւ ահա հրազէնի պայթիւնը, ահա մահը ու արիւնի կաթիլներ որ կ’իյնան, ու ահա վիրաւորելը որ իր ցաւէն կը խուսափի կարմիր եւ տաք հետքը ձգելով ճերմակ ճամբուն վրայ, մինչեւ որ իյնայ աչքերը մթնցած, գլուխը պարապ եւ շունչը սպառած… ու կը տեսնեմ դիակը, կարկամած եւ խեթ, առարկայական կարծրութեամբ, ձիւնին ճերմակ դէզերուն եւ իր լճացած արիւնին մէջ, որոնք յամրօրէն, պահ մը շոգիանալէ ետքը կրկին կը սառին իր դիակին վրայ…

Ու այլեւս չեմ գիտեր, որ ե՛ս եմ թէ ան որ անցած է այդ ճամբաներէն, այլեւս չեմ գիտեր թէ ե՛ս թէ ան մեռած ենք այս աշխարհիս համար… արդեօք իմ սեփական դիակիս պատկերը չէ՞ որ կը տեսնէի անոր մահուան պատկերին վրայէն…

Ցնո՜րք, ցնո՜րք…

Եթէ կարենայի լալ, եթէ կարենայի տառապիլ ու ցաւիլ, իրականութեան լրիւ գիտակցութիւնը զգալ… բայց ո՞րն է իրականութիւնը, ո՞րն է զառանցանքը. երբեմն ինծի կը թուի թէ այն ինչ որ գիտեմ, ոչ թէ եղած է այլ ըլլալու է, եւ ես եմ անոր սահմանուած դերակատարը. ոչ մէկ ստուգութիւն, ոչ մէկ հաստատում կրնայ կէտի մը վրայ սեւեռել իմ կարծիքս ու զիս ազատագրել մահուան դողերէն. որովհետեւ երբեմն դեռ իմ սենեակիս մէջ փակուած, ինչպէս եթէ զգուշանայի իրեն հանդիպելու՝ ամայացած տանը լռութեան մէջ կը լսեմ իր քայլերուն աղմուկը, երկա՜ր, երկա՛ր ժամերու մէջ…

Եւ անձկութեամբ կը խորհիմ որ մահուընէ ետքն ալ անխզելի կապերով կապուած ըլլալով իրարու, անոնք կը դեգերին ու կը սպասեն եւ այդ քայլերուն աղմուկը չպիտի դադրի լսելի ըլլալէ մինչեւ որ ուրիշ քայլերու ձայներ, իմիններս երթան միանան անոնց, միասին քալելու համար դէպի զառանցական ուղիները դժոխային ցնորքներու։

ՎԵՐՋ

----------------------------------------

Հրապարակվում է` «Նիդերլանդական օրագրի» և «Օրեր» Եվրոպական ամսագրի «Արեւմտահայ կին գրողները եւ ժամանակը» նախագծի` «Արեւմտահայ կին գրողները եւ ժամանակը: Զապել Եսայան հոդվածի շրջանակներում («Նիդ.օրագիր»`Saturday, 15 July 2023  և «Օրեր»)

Նյութը մեզ է տրամադրել հիշյալ նախագծի հեղինակ, բանասիրական գիտությունների թեկնածու, դոցենտ` Նաիրա Համբարձումյանը: Համացանցում հրապարակվում է առաջին անգամ: Տեքստի հավաքման աշխատանքը կատարել է ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղյանի անվան Գրակ. ինստ. ասպիրանտ, կրտսեր գիտաշխատող Սիրանուշ Փարսադանյանը:

----------------------------------------


No comments:

Post a Comment