The Netherlands Diary/Նիդ.օրագիր

The Netherlands Diary/Նիդ.օրագիր
The Netherlands Diary

Monday 19 March 2018

«ՍՓԻՒՌՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ 2018

Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ ազգային ինքնութեան պահպանմանն ու զօրացմանը, երիտասարդներու շրջանակին մէջ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի, հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներու, կրթական գործի պատասխանատուներու, ազգային երգ ու պարի խումբերու ղեկավարներու որակաւորման բարձրացմանը, Սփիւռքի ԶԼՄ-ներու, երիտասարդական կազմակերպութիւններու գործունէութեանը, ինչպէս նաեւ համայնքներու ինքնակազմակերպմանն աջակցելու նպատակով ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի պետական համալսարանի հետ համատեղ 2018 թուին կը շարունակէ իրականացնել «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրը:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցէն ներս կ'անցկացուին դասընթացքներ հինգ ուղղութիւններով՝
1.Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում (Յուլիսի 01-28).
2.Հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու  վերապատրաստում ( Յուլիսի 01-28),
3.Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստում (Յուլիսի 01-14),
4.Ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացքներ (Յուլիսի 01-14),
5.Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացք (Յուլիսի 01-14):
«Սփիւռք» ամառնային դպրոց 2018» ծրագրի բոլոր դասընթացքները կ'անցկացուին հայերէնով: Մասնակցին կը տրուի հաւաստագիր, եթէ ան կատարէ իր կողմէ ընտրուած գործնական աշխատանքը՝ ստանալով յանձնաժողովի դրական գնահատականը, ինչպէս նաեւ դասընթացքի ժամանակ չունենալով երեք օրէ (կամ 9 դասաժամէ) աւելի բացակայութիւն: Բացի ծրագրուած տեսական ու գործնական դասերէն՝ կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու, հոգեւոր այրերու հետ:
Ծրագրին՝ ի բացառեալ Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցումէն, կրնան մասնակցիլ միայն 16 տարեկանէն բարձր սփիւռքահայերը, որոնք ՀՀ քաղաքացի չեն հանդիսանում (բացառութեամբ երկքաղաքացիութիւն ունեցող ՀՀ քաղաքացիներու) կամ մշտական բնակութիւն չեն ունեցած ՀՀ-էն ներս վերջին 10 տարուան մէջ: Առաջին անգամ մասնակցող սփիւռքահայերը կ'ապահովուին գիշերակացով (հնարաւոր է 2-6 մարդու համար նախատեսուած հիւրանոցային համարներով):
Այն սփիւռքահայերը, որոնք նախկինին մասնակցած են «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացքներուն կրնան անվճար մասնակցիլ ընտրուած դասընթացքին՝ յաճախելով բոլոր դասերուն, սակայն անոնց գիշերակացը չ'ապահովուիր: Բնակութեան երկրէն Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ դասընթացքէն դուրս երթեւեկութեան ծախսերը կը հոգան մասնակիցները:
Յայտերը կ'ընդունուին մինչեւ 2018 թուի Յունիսի 2-ը ելեկտրոնայինգրանցման տարբերակով: Անհրաժեշտ է մուտք գործել Ծրագրի պաշտօնական կայքի` www.dss.am «Դպրոց» բաժնի հինգդասընթացքներէն իւրաքանչիւրի ենթաբաժնում գտնուող«Արձանագրուիլ» մասը:

        

No comments:

Post a Comment