The Netherlands Diary/Նիդ.օրագիր

The Netherlands Diary/Նիդ.օրագիր
The Netherlands Diary

Saturday, 23 November 2024

Նշանակալից գիտաժողով նուիրուած Արցախի սրբավայրերու պահպանման

 ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՈՂԵՐ, ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Հռոմ, Իտալիա – Հռոմի Սուրբ Թովմաս Աքուինացի (Անճելիգում-Angelicum) Քահանայական համալսարանի մէջ, Նոյեմբերի 18-19-ին տեղի ունեցաւ «Սրբազան հողեր, ընդհանուր տեսլական. Սրբատեղիներու պահպանումը՝ համատեղ քրիստոնէական առաքելութեան համար» խորագիրով գիտաժողով: Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան եւ Անճելիգում համալսարանի Էքիւմենիկ հետազօտութիւններու հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած միջոցառումը հովանաւորուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Ս․ Աթոռի Քրիստոնէական միասնութեան խթանման, Մշակոյթի եւ կրթութեան բաժիններու կողմէ: Գիտաժողովին նիւթապէս աջակցած է Կիւլպէնկեան հիմնադրամը /Լիզպոնի Փորթուկալ/։

Համագումարի բացման արարաողութիւնը սկսաւ Էքիւմենիկ հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Հայր Հյասինթ Տեստիվելի եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի ողջոյնի խօսքերով։ Անոնց ելոյթները ճանապարհ հարթեցին Արցախի մշակութային ժառանգութեան եւ անոր արժէքի շուրջ կարեւոր երկխօսութեան՝ աւելի լայն քրիստոնէական պատումի ու մշակութային համընդհանուր իրաւունքներու բովանդակութեան մէջ /համատեքստի մէջ/։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․-ի եւ Կարտինալներ՝ Կուրտ Կոխի, Կլաուդիոյ Կուճերոտտիի եւ Խոսե Տոլենտինո տե Մենդոնսանի կողմէ գիտաժողովին հնչեցուցած ուղերձները, որ յաճախ հնչեց երկօրեայ նիստերու ընթացքին, եւ որ կ՛ընդգծէին գիտաժողովի կրեւորութիւնը, միասնութեան եւ կրօնական վայրերու պահպանման յանձնառութեան կոչեր էին։

Գիտաժողովի առաջին նիստը համախմբած էր ներածական ելոյթներ մշակութային ժառանգութեան, սրբավայրերու եւ մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ: Նշանակալից զեկուցումներով հանդէս եկան յարգարժան փորձագէտներ՝ Ճորճթաունի համալսարանէն փրոֆէսոր Մարք Վլասիչը, Լուվենի համալսարանէն փրոֆէսոր՝ Փիեռ Տ’Արժանը եւ Արցախի Թեմական խորհուրդի անդամ Արմինէ Ալեքսանեանը։ Անոնք անդրադարձան մշակութային ժառանգութեան եւ մարդու իրաւունքներու փոխկապակցութեան՝ ընդգծելով հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ սրբավայրերը պաշտպանելու հրատապ անհրաժեշտութեան, որպէս մարդու հիմնարար իրաւունք: Քննարկումներու ընթացքին մասնակիցները ընդգծեցին, որ այս սրբավայրերու պահպանումը ոչ միայն կենսական նշանակութիւն ունի հայկական ժառանգութեան համար, այլեւ վճռորոշ է խաղաղ եւ միասնական համակեցութեան ե՛ւ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն, ե՛ւ ողջ մարդկութեան։ Գիտաժողովի երկրորդ նիստը խորացուած ուսումնասիրեց հակամարտութիւններու, մշակութային ժառանգութեան եւ տեղեկատուական լուսաբանման միջեւ առկայ բարդ յարաբերութիւնները։ Ի մասնաւորի, ներկայացուեցաւ թէ ինչպէս տեղեկատուական լուսաբանումը կը ձեւափոխէ մշակոյթի ոչնչացման եւ դիմակայելու ունակութեան ընկալումները: Քիետիի համալսարանի փրոֆէսոր Վասկո Լա Սալվիան համոզիչ փաստարկեց, որ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը հակամարտութեան երկրորդական հետեւանքն է։ Ան ընդգծեց, որ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ մշակութային վայրերու թիրախաւորումը յաճախ կը ծառայէ որպէս բնաջնջման միջոց՝ արտացոլելով խտրականութեան կիրառումը ուղղուած վտանգուած համայնքներու ինքնութեան ճնշման եւ ոտնահարման։ Այս ոչնչացումը ոչ միայն կը յանգեցնէ արուեստի նմուշներու կորուստի, այլեւ խորը խզում կ՛առաջացնէ հաւաքական յիշողութեան եւ ազգային պատմութեան մէջ: Շարունակելով թեման, փրոֆէսոր Արսէն Սապարով Ռապտանի ակադեմիայէն /կաճառէն/ անդրադարձաւ լրատուամիջոցներու դերին մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ժամանակ տեղեկատուական լռութեան եւ կողմնակալութեան գործածման մէջ։ Ան ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց ենթադրեալ չէզոքութեան հայեցակարգի վրայ՝ լրատուամիջոցներու պատումի եւ փորձագիտական լուսաբանումներու մէջ՝ վիճարկելով թէ՛ լրատուամիջոցներու, թէ՛ փորձագէտներու չէզոքութեան ներկայիս առկայ հակամարտութիւններու պարագային: Փոխարէնը, պնդեց, որ զանգուածային լրատուամիջոցներու պատումը եւ փորձագէտներու դիրքորոշումները յաճախ հակուած են աջակցելու իշխանութիւններուն եւ լռեցնելու լուսանցքային ձայները՝ այդպիսով նպաստելով առաւել խտրականութեան եւ հասարակական ցնցումներուն:

Երրորդ նիստի ընթացքին արքեպիսկոպոս Միքայէլ Մուսա Նաճիպ ներկայացուց մշակութային ժառանգութեան պահպանման Էքիւմենիկ բնոյթը՝ նշելով որ սրբավայրերու պաշտպանութեան ջանքերը պէտք է յաղթահարեն կրօնական բաժանումները: Ան կարեւորեց ժառանգութեան պաշտպանութեան խնդիրներ հաւաքական մօտեցումը, որպէս մարդկութեան պատասխանատուութիւն։ Անոր յաջորդեց Օքսֆորտի համալսարանի փրոֆէսոր Փիթեր Պետկոֆը․ ան անդրադարձաւ այն քաղաքական գործօններուն, որոնք կը յանգեցնեն կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան շահարկման՝ մատնանշելով, թէ ինչպէս աշխարհաքաղաքական օրակարգը կ՛օգտագործէ մշակութային խորհրդանիշները ուժի կեդրոնացման համար։ Վերջապէս, դոկտոր Տասուլա Հաճիտոֆը ներկայացուց Արցախին առնչուող ռազմավարական հայեցակարգ՝ հիմնուած Կիպրոսի հակամարտութեան 50 տարուան փորձառութեան եւ այս ոլորտի մէջ իր շարունակական գործունէութեան վրայ։ Մշակութային ժառանգութեան պահպանման գծով ան կարեւորեց «ներազդող» ռազմավարութիւնը, որ կը ներգրաւէ տեղական համայնքները՝ խթանելով դժուարութիւնները դիմագրաւելու անոնց տոկունութիւնը։ Ընդհանուր առմամբ, գիտաժողովի նիստերուն ընդգծուեցաւ հակամարտութիւններու, մշակութային ժառանգութեան եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ լուսաբանման միջեւ առկայ բարդ փոխկապակցութիւնը՝ կոչ ընելով խոցելիութեան պայմաններուն մշակութային ինքնութիւնները պահպանելու աւելի խոր ըմբռնումին եւ յանձնառութեան։ Գիտաժողովի չորրորդ նիստը, որ նուիրուած էր Վտանգուած հայկական յուշարձաններուն, համախմբած էր անուանի գիտնականներ՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան բացառիկ արժէքը քննարկելու, որպէս մարդկային ստեղծագործական միտքի արտայայտութիւն, եւ զայն պահպանելու հրատապ խնդիրները։

Հեղնար Վաթենփո, Դեւիս քաղաքի Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, նիստը բացաւ իր «Նախիջեւանի հայկական մշակութային ժառանգութեան ճակատագիրը. մռայլ նախազգուշացում Արցախի համար» զեկոյցով։ Ան անդրադարձաւ Նախիջեւանի մէջ մշակութային ոչնչացման աղէտալի հետեւանքներուն, որոնք մտահոգիչ նախադէպ կը ծառայեն ու կ՛ահազանգեն Արցախի յուշարձաններու պահպանումը։ Ժասմին Տում-Տրագուտ՝ Զալցպուրգի համալսարանէն, հանդէս եկաւ «Մշակութային ժառանգութիւնը սահմանային գօտիներու մէջ» զեկոյցով եւ օրինակներ բերաւ Տաւուշի տարածաշրջանէն։ Ան ընդգծեց, որ քաղաքականապէս անկայուն սահմանային գօտիներու մէջ գտնուող մշակութային յենակէտերը/ օբյեկտները/ յաճախ ինքնութեան եւ մշակութային յիշողութեան համար ռազմի դաշտ կը դառնան ։ Ալեն Նաւարա Տե Պորժիան՝ Hyestart ՀԿ-էն, նիստը եզրափակեց «Կրօնական վայրերը եւ Արցախի ընդհանուր մշակութային յիշողութիւնը» իր զեկոյցով։ Ան ներկայացուց կրօնական յուշարձաններու դերը որպէս մշակութային եւ հոգեւոր ինքնութեան կարեւոր պահոցներ, յատկապէս հակամարտութենէն տուժած եւ փոփոխական ուժային կառոյցներու ազդեցութեան ներքոյ գտնուող տարածքներու մէջ։ Ան նաեւ կարեւորեց համաշխարհային հանրութեան հաւաքական պատասխանատուութիւնը՝ այս անգին գանձերը պահպանելու համար։

Նիստը բազմակողմանի պատկերացում տուաւ հայկական վտանգուած մշակութային ժառանգութեան պահպանման մարտահրաւէրներուն եւ հնարաւորութիւններուն՝ կոչ ընելով անյապաղ քայլեր ձեռնարկել այդ յուշարձանները որպէս մարդկային ստեղծագործական տաղանդի եւ հաւաքական յիշողութեան արտայայտութիւն պաշտպանելու համար։ Հինգերորդ եւ վերջին նիստը կեդրոնացաւ Արցախի մշակութային եւ կրօնական վտանգուած ժառանգութեան վրայ: Շարք մը մասնագէտներ ներկայացուցին իրենց դիտարկումները․ Հռոմի «Լա Սապիենցա» համալսարանի եւ Քահանայապետական Արեւելեան հիմնարկի փրոֆէսոր Մարկո Պայիսից քննարկեց «Կովկասեան Ալպանիոյ վերաբերեալ դասական եւ միջնադարեան աղբիւրներու օգտագործումն ու անոնց չարաշահումը» թեման։ Ան բացայայտեց, թէ ինչպէս կը խեղաթիւրուին պատմական փաստերը՝ սեփական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ հայերու իրաւունքները եւ նկրտումները վտանգելու եւ տկարացնելու նպատակով։ Համպուրգի համալսարանի փրոֆէսոր Եոստ Գիպպերտը անդրադարձաւ Արցախի մէջ Ալպանական արձանագրութիւններուն, այսպիսով հարստացուց քննարկումը պատմական օրինաւորութեան վերաբերեալ եւ հիմք ստեղծեց հայկական ժառանգութեան աւելի լայն համատեքստի մէջ՝ արձանագրութիւններու վերագնահատումը։ Յենայի համալսարանի փրոֆէսոր Անեգրետ Պլոնտկե-Լիւնինգը եզրափակեց ելոյթները՝ ներկայացնելով «Արցախի ճարտարապետական ժառանգութիւնը» պատմական տեսանկիւնէն՝ ընդգծելով ատոր հարստութիւնը եւ զայն պահպանելու անյապաղ անհրաժեշտութիւնը։ Վերջին ելոյթով հանդէս եկաւ Երեւանի պետական համալսարանի փրոֆէսոր Համլետ Պետրոսեան․ ան ներկայացուց «Յուշարձանները հայ- ատրպէճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ» թեման՝ քննարկելով ինքնութեան, պաշտպանութեան եւ այդ պատմական գանձերու պահպանման համար մասնագիտական փորձառութեան կարեւորութիւնը։ Համաժողովի աւարտին կազմակերպուեցաւ քննարկումներու կլոր սեղան յայտնի գիտնականներ՝ փրոֆէսորներ Զարա Պօղոսեանի (Ֆլորենսայի համալսարան) եւ Մարկո Պայսի կողմէ։ Քննարկումները, որոնք կ՛առնչուէին Արցախի մշակութային եւ ճարտարապետական ժառանգութեան, երեւան հանեցին ինքնութեան, ժառանգութեան պահպանման եւ շարունակուող հայ-ատրպէճանական հակամարտութեան հարցերու բարդութիւնը։ Բանախօսները համոզիչ կերպով լուսաբանեցին Արցախի հարուստ մշակութային խճանկարը, միաժամանակ ազդարարելով այն վտանգները, որոնք շարունակուող հակամարտութեան հետեւանքով կը սպառնան այս ժառանգութեան։ Համաժողովի աւարտին մասնակիցները նոր յոյս արտայայտեցին եւ պարտականութիւն ստանձնեցին ՝ համատեղ ջանքեր գործադրել, որոնք անհրաժեշտ են Արցախի սրբավայրերու պաշտպանութեան համար։ Քննարկումները խթանեցին մասնակիցներուն մէջ համագործակցային ոգի՝ ծառայելով որպէս խիստ յիշեցում, թէ որքան փխրուն է մշակութային ժառանգութիւնը հակամարտութեան պայմաններուն մէջ։ Կազմակերպիչ յանձնաժողովը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ բանախօսներուն, որոնք իրենց արժէքաւոր գաղափարներով հարստացուցին գիտաժողովը՝ ձեւաւորելով մեր սրբավայրերու տեսլական։







No comments:

Post a Comment