The Netherlands Diary/Նիդ.օրագիր

The Netherlands Diary/Նիդ.օրագիր
The Netherlands Diary

Wednesday 10 February 2021

Հայաստան – Հեռանկար / Perspectives - Armenia

 Կից՝ յօդուած մը հայերէն և անգլերէն քննարկման համար: Առ ի տեղեկութիւն նոյնը դեկտեմբերի 24-ին իբր առաջարկ ուղարկեցի Վարչապետին; ստացայ պատասխան պարոն Սինանեանէ Յունուարի 21-ի` որ կը նշէր, « մենք շահագրգռուած ենք աշխատել բոլոր կողմերի հետ `հանուն հայրենիքի բարօրութեան»: Մի քանի անգամ խօսեցանք առանց որեւէ յառաջընթացի...Կապի մէջ եմ տասնեակ կարող քաղաքագէտներու հետ որոնք կարող են օգտակար ըլլալ, և որոշ ազդեցիկ սփիւռքահայերու հետ, որոնք կարող են օգնել մեր ձայնը լսելի դարձնելու....: Կը մնայ միաւորել զանոնք....:Կը շարունակեմ....

Յովէլ Շնորհօքեան 

Skype : hovel-tad

cell +336 64 32 89 8

Hovel Chenorhokian, Patrick Devedjian, Pierre Akkelian

Չէ՞ք փափաքիր ձեր յաջող փորձառութիւնը տրամադրել ի նպաստ Հայաստանի»:

«Ինչո՞ւ։ Կա՞յ որեւէ մէկը որ կարիքն ունի խորհուրդի կամ կը փափաքի օգուտ քաղել փորձառութենէս»: 

Պարոն Փաթրիք Տէվէճեանը կը պատասխանէր հարցիս Երևանի տնտեսական համաժողովի ընթացքին՝ որ տեղի կ՛ունենար 2018 թուի Ֆրանքոֆոնիայ Վեհաժողովի ծիրէն ներս ուր մենք համաբանախօսներ էինք:  

Ֆրանսայի նախկին տնտեսական նախարար հանգուցեալ Պարոն Տէվէճեանը նաեւ նախագահն էր  «Hauts de Seine» Ֆրանսայի ամէնէն հարուստ նահանգին։ 

Հակառակ թաւշեայ յեղափոխութենէն ստեղծուած հմայիչ մթնոլորտին, մենք երկուքս յստակատես էինք որ Հայաստանի յաջորդական կառավարական վարչութիւնները  «աւելորդ» խորհրդատւութեան կարիքը չէին տեսներ: Պատերազմի վաղորդայն զարթնումը ծանր եղաւ... 

Ներկայիս, Հայաստանի եւ Սփիւռքի լայնատարած համոզումն է որ Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութիւնը վերջին տարիներու ընթացքին կատարած է աշխարհաքաղաքական ռազմավարական սխալներ եւ տակաւին կը շարունակէ այդպէս՝ չ՛ունենալով համապատասխան փորձառութեամբ խորհրդատուներ:  

Ցաւալիօրէն, ներկայ քաղաքական ընտրութիւնները կը զգացուին սահմանափակուած ըլլալ՝ փտութեան եւ անկարողութեան միջեւ: Մինչ այդ, կարծես թէ Հայաստանի հանրապետութիւնը կ'երթայ անորոշ ուղղութեամբ՝ ինչպէս տատանուած կերտուածական հարթակներ (tectonic plates): 

ժամանակն է որ Հայաստանի հանրապետութիւնը նաեւ նկատի առնէ մշտապէս անտեսուած Սփիւռքի տարբեր մարզերու հմտութիւնները ու ներգրաւէ զանոնք:  

Նաեւ, ժամանակն է որ սփիւռքը՝ Ազգի լիարժէք մասնիկը, համախմբուի եւ ստանձնէ իր պարտականութիւնները: 

Հայաստանը կը գտնուի վճռական խաչմերուկի մը ընդառաջ, ուր կը դիմագրաւէ սահմանիչ բանակցութիւններ ու մարտահրաւէրներ: Հետեւաբար, սկզբնական նշանակութիւն ունի յառաջանալ իմաստութեամբ ու ճկունութեամբ` հաշուի առնելով Հայաստանի առջեւը դրուած մարտահրաւէրներն ու տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական անկայուն կացութիւնը: 

Հայաստանի կառավարութեան բանակցային կարողականութեան ու պետութեան ամրապնդման մտահոգութեամբ, կ՛առաջարկեմ կազմել  վերլուծական կեդրոն (think tank) մը, բաղկացած Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ գտնուող անհատներէ, բոլորը յարգուած, յաջող, անշահախնդիր, անկախ մտածողներ, բոլորը յարգալից Հայաստանի սահմանադրութեան ու նախանձախնդիր ժողովրդավարութեան և օրէնքի պետութեան արժէքներուն, սահմանելու ազգային ընդհանուր ճանապարհային քարտէզ և ի հարկին դառնալու կառավարութեան խորհրդատու մարմին: 

Վերոյիշեալ մարմինը կրնայ առաջարկել զանազան մասնագիտական աշխատանքային խումբերու ձեւաւորումը՝ ճանապարհային քարտէզներ սահմանելու տարբեր մարզերու մէջ, ինչպիսին են հետեւեալները  

1.Սահմանադրութիւն եւ օրէնքեր, վերանայելու 

ա - Սահմանադրութիւնը 

բ  - Ընտրական օրէնքը, դիտարկելով համամասնական (proportional) դրութիւնը եւ կուսակցութիւններու շուրջ վերանայուած օրինագիծեր 

գ  - Սփիւռքահայերուն ընտրելու ու ընտրուելու իրաւունք տալու կարելիութիւնը:  

Ընտրութիւններու ժամկէտը պէտք է Ճշտել առիթ տալով նոր ուժերու ձեւաւորման, նախկին և ներկայ վարչակազմերուն պատկանածներու կողքին: 

2.Կրթութիւն - քաղաքացիական մշակոյթ 

3.Տնտեսական զարգացում 

4.Ազգային-ռազմական ճարտարարուեստի բաղադրիչ 

5.Արտաքին քաղաքականութիւն 

6.Վարչակազմ. (administration) արդիւնաւէտութեան բարելաւում 

7.Հայրենադարձութիւն     

Ծրագրի բնութեամբ ու իր մասնակիցներու օրինակելի համբաւի դրութեամբ, նախաձեռնութիւնը պիտի ներշնչէ վստահութիւն, ամրապնդէ պետութիւնը զօրացնելով իր բանակցային դիրքը ու դնէ զայն ճիշտ հունի մէջ: Արդարեւ, «Ժողովուրդը առանց խոհականութեան կը կործանի, Բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ»:* 

Մինչ այժմ, կոչ կ'ուղղեմ Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետին, որ նկատի առնէ վերոյիշեալ խորհուրդի կազմութիւնը՝ սահմանուած իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով: 

Կը հրաւիրեմ սփիւռքի քաղաքագէտներն եւ քաղաքական վերլուծաբանները՝ գերադասելու Ազգային շահը՝ անհատականէն եւ հատուածայինէն, եւ տրամադրուելու Հայրենիքին՝ համախումբ: 

Յովէլ Շնորհօքեան  

 Ֆրանսա 

hovelch@gmail.com 

* Առակած 11:14 

Perspectives - Armenia 

“Wouldn’t you put your successful experience at the service of the State of Armenia?”  

“Why? Is there anybody who needs my council or to benefit from any experience?” 

Mr. Patrick Devedjian was replying to my question, during Yerevan Economic Forum in the frame of the 2018 Summit of La Francophonie where we were co-hosts. Mr. Devedjian was the late French Minister of Finance and the president of “Hauts de Seine”, the richest region of France. 

Despite the enchanting atmosphere resulted from the velvet revolution, we both were clear-sighted that the consecutive administrations in Armenia did not feel the need of “redundant” counseling. The wake-up from the euphoria has been hard. Now the widespread conviction in Armenia and the Diasporas is that the government of the ROA made some geopolitical maneuvering mistakes in the past three years and continues so, lacking a proper counseling. Distressingly, the current political choices are felt to be limited between either the corrupt or incompetent. Meanwhile, the State of Armenia seems to be going in an uncertain direction as on a tectonic plate.  

It is high time that the Republic of Armenia calls for the Diaspora competencies in different domains, so far ignored. It is also high time that The Diaspora, the larger and fully-fledged part of the Armenian Nation gets together and takes its responsibilities. 

Armenia is at crossroads faced with the pressing challenge of crucial negotiations. It is of primordial importance to act in wisdom considering the challenges ahead and with the suppleness necessary in the fluctuating regional geopolitical context.  

With the concern of consolidating the state of Armenia in these negotiations, I suggest forming a think tank composed of individuals from Armenia and the Diasporas, all respected, capable and selfless independent thinkers, all respectful to the constitution of Armenia, having in concern maintaining the state of law and democracy, to set road maps and become part of an advisory board to the government.

The think tank could suggest the forming of different task forces to define road maps in areas such as: 

1.The Constitution and laws with the mission to: 

A.revise the constitution 

B.consider possibly proportional elections and new party rules,  

C.allow possibly Diaspora Armenians nationality with the right to vote and be elected.  

Election dates should be set in a delay which would allow the emerging of new forces other than those involved in the past and present administrations. 

2. Education / Civic Culture 

3. Economic development 

4. The national military industrial complex 

5. Foreign policy 

6. Administration – improving the performance  

7. Resettlement 

By its nature and character of its participants, the above initiative will inspire confidence, reinforce the state of Armenia and its negotiating stature, and contribute in putting it on a right track. Indeed, “Where there is no counsel the people fall, but there is salvation in the multitude of counselors”.* 

By the present, I call upon the Prime Minister of Armenia to undertake the forming of the above mentioned think tank, with defined rights and obligations. 

I invite upon the Diaspora Political Scientists and Analysts to set the National interests above the partisan and personal, make themselves available for the above mission and suggest a road map for Armenia. 

Hovel Chenorhokian 

France 

hovelch@gmail.com 

* Preverbs 11 : 14 






No comments:

Post a Comment