Երէկ, Փետրուարի 27-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի կամարներու ներքոյ կրկին հնչեցին հայոց շարականներն ու աղօթքները՝ վերսթափեցնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի առիթով այստե՛ղ, լուսահոգի Ֆրանկիսկոս պապի նախագահութեամբ մատուցուած յիշարժան եւ պատմական Սուրբ Պատարագի յիշատակը։
Տասնմէկ տարի առաջ, 2015 թուականի Ապրիլի 12-ին, տեղի ունեցած այդ հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակած էր նաեւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝ զայն «վարդապետներու համաստեղութեան մէջ փայլող աստղ» անուանելով։
Երեք տարի անց, 2018 թուականի Ապրիլի 5-ին, Հռոմի Քահանայապետ՝ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն հետ միասնաբար, օրհնեց Վատիկանի պարտէզին մէջ տեղադրուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը։
Երէկ երեկոյեան ժամերգութեան, յիշատակութեան օրը նշուեցաւ հայոց մեծագոյն սուրբերէն մէկուն, որ 2021 թուականին նոյն Ֆրանկիսկոս պապի որոշմամբ ընդգրկուած էր նաեւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ։
Արարողութեան յաջորդեց բեմադրիչ Ռուզաննա Ղազարեանի եւ ռեժիսոր՝ Լիլիթ Մխիթարեանի 2025 թուականի Նոյեմբերին լոյս տեսած «Նարեկացի» վաւերագրական ֆիլմի նախնական ցուցադրումը Վատիկանի կինոդարանին մէջ։
Երեկոյեան ժամերգութիւնը նախագահեց Վատիկանին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ՝ Խաժակ Ս․ արքեպիսկոպոս Պարսամեան։ Արարողութեան կը մասնակցէին Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու բաժինի նախագահ՝ կարտինալ Կլաուտիո Կուճերոտտին եւ Սուրբ Աթոռի Քրիստոնէական միասնութեան խթանման բաժինի քարտուղար արքեպիսկոպոս Ֆլավիո Պաչէն, Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքիեան, Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան միաբանութեան հայրերը, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի տեսուչը՝ երգչախումբի մասնակցութեամբ, Իտալիոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Ներսէս աբեղայ Յարութիւնեան եւ Աթանաս աբեղայ Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի Անգլիկան Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ եպիսկոպոս Անթոնի Պոլ եւ այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին նաեւ Վատիկանի եւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններ՝ Պորիս Սահակեանն ու Վլատիմիր Կարապետեանը, հայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ եւ հիւրեր։
ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԿՈՒՃԵՐՈՏՏԻ ԽՕՍՔԸ
Արարողութեան ընթացքին Կարտինալ Կուճերոտտին՝ իր խորազգաց խօսքով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի անձը բնորոշեց որպէս «ծայրայեղութիւններու համառօտ» եւ «արեւելեան քրիստոնէական էութեան իսկական համադրութիւն»։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մէջ իրապէս կը հանդիպին մարդկային եւ հոգեւոր փորձառութեան բեւեռներու․ մէկ կողմէ՝ հոգիի, երկիրի եւ ողջ արարչութեան խորքերէն բարձրացող տագնապի ճիչի, միւս կողմէ՝ փրկութեան սիրայոյզ երգի, որ անոր շարականներու մէջ վարդերը, գետերը, աստղերն ու արշալոյսները կը կերպարանափոխէ Աւետարանի անդադար գովաբանութեան։
Կարտինալը շեշտեց, որ Գրիգորը գագաթնակէտին կը հասցնէ արեւելեան հոգեւոր աւանդութեան բնորոշ լարումը՝ կարենալով միաժամանակ հայցել բարութեան աղերսող դժոխքի կրակը եւ սիրուած ու բաղձալի դրախտի ուրախութիւնը։
Առանձնապէս յուզիչ էր անոր հայ ժողովուրդի համար բարձրացուցած աղօթքը, բնորոշելով զայն որպէս «նահատակութեան ձայն, բայց եւ անդորրի երգիչ»։ Ան մեր օրերու Հայաստանի ներկայ «խոցուած հակադրութիւններուն» անդրադառնալով զգուշացուց այն վտանգէն, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան բազմաշերտութիւնը կրնայ աղաւաղուիլ՝ վերածուելով քարոզչութեան եւ պատերազմի ճիչի։
Կարտինալը յիշեց Գրիգորի սիրելի պատկերներէն մէկը՝ Եկեղեցին որպէս «ոտքերու պատուանդան երկիրի վրայ» եւ միաժամանակ «մանուկ գահ», ուր տառապանքն ու յոյսը կը հանդիպին իրարու։ Ան յորդորեց մարդկային ընդերքի բարդութիւնը չյայտարարել անհասկանալի, քանզի ան ունակ է «արիւնահոսել մօր պէս եւ միեւնոյն ժամանակ պահել ծնող կեանքը»։
Քարոզը եզրափակուեցաւ գոյութեան հակասութիւնը ընդունելու կոչով՝ զայն չանջատելով փրկութեան ուրախութենէն, որովհետեւ նոյնիսկ Աստուած չէ կամեցած հանգուցալուծել այդ լարումը։ «Գրիգոր Նարեկացին, որ իր «Մատեանի մէջ» զինք կ՛անուանէր «Մատեանս շնչական»՝ «մարդկութեան ձայն», կը շարունակէ ազատագրել մարդկային փորձառութիւնը ամէն տեսակ հռետորական պարզեցումներէն՝ վերադարձնելով զայն խոնարհութեան եւ ազատութեան էպիքական շունչը», - իր խօսքը այսպէս աւարտեց կաթոլիկ եկեղեցականը։


No comments:
Post a Comment